Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ «Զանգեզուրի Միջանցքը» Չբացուի, Հայաստանի Հետ Սահմանը Այլ Վայրի Մէջ Չենք Բանար. Ալիեւ

Եթէ «Զանգեզուրի Միջանցքը» Չբացուի, Հայաստանի Հետ Սահմանը Այլ Վայրի Մէջ Չենք Բանար. Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան մարդիկ եւ բեռները պէտք է անցնին առանց որեւէ սահմանային կամ մաքսային ստուգման: Այս մասին տեղական լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը` նշելով, որ հակառակ պարագային Հայաստանը ընդմիշտ պիտի մնայ փակուղի:

«Եթէ իմ կողմէ յիշատակուած երթուղին` Զանգեզուրի միջանցքը, չբացուի, ապա մենք մեր հերթին մտադիր չենք բանալու Հայաստանի հետ սահմանը որեւէ այլ հատուածի մէջ: Այսինքն` այդ կերպ անոնք աւելի շատ վնաս պիտի ստանան քան օգուտ», ըսած է ան:

Ալիեւ յիշեցուցած է` կայ երթուղի Մեղրիի տարածքով, այն գոյութիւն ունեցած է խորհրդային շրջանին, աշխատած է երկաթուղի, կառուցուած է մայրուղի:

«Հաղորդակցութիւնը պէտք է ապահովուի այդ երթուղիով։ Եթէ Հայաստանը մեր պայմանը չկատարէ, ապա ան յաւերժ պիտի մնայ տարածաշրջանի փակուղին», ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment