Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Արտաքին Քաղաքականութեան Նպատակը Հայաստանի Անկախութիւնն Ու Տարածքային Ամբողջականութիւնը Ապահովելն Է․ Փաշինեան

ՀՀ Արտաքին Քաղաքականութեան Նպատակը Հայաստանի Անկախութիւնն Ու Տարածքային Ամբողջականութիւնը Ապահովելն Է․ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելածէ Արտաքին գործերու նախարարութիւն՝ գերատեսչութեան 2023 թ. գործունէութեան հաշուետուութիւնը քննարկելու նպատակով:

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ նախարարի տեղակալները ներկայացուցած են իրենց համակարգման ուղղութիւններով կատարուած աշխատանքները, ընթացիկ եւ յաջորդ տարուայ համար նախանշուող ծրագրերն ու առաջնահերթութիւնները։

Համապատասխանաբար, հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումներով յատկանշական 2023 թուականի ընթացքին ՀՀ արտաքին քաղաքական գերակայութիւններու կեանքի կոչման ուղղութեամբ իրականացուած միջոցառումներուն, ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման նպատակով ձեռնարկուած քայլերուն:

Անդրադարձ կատարուած է 2023 թ. ընթացքին, մասնաւորապէս, տարեսկիզբէն Լաչինի միջանցքի արգելափակման, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ Ատրպէյճանի ցեղային զտման քաղաքականութեան պայմաններուն մէջ, Սեպտեմբերին ռազմական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին մէջ ՀՀ-ի կողմէ իրականացուած քայլերուն: Դիտարկուած են ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած աւելի քան 100 հազար հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ կարիքներու հասցէագրման աշխատանքները եւ այդ ուղղութեամբ միջազգային գործընկերներու հետ փոխգործակցութեան հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ ջանքերուն եւ գործընթացներուն:

ՀՀ վարչապետին ներկայացուած են երկկողմ մակարդակով գործընկեր պետութիւններու հետ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուած քայլերը, առկայ արդիւնքները: Ընդգծուած է, որ ՀՀ ԱԳՆ ջանքերը միտուած եղած են սերտացնելու փոխգործակցութիւնը լայն աշխարհագրութեամբ՝ ինչպէս հարեւան եւ այն պետութիւններու հետ, որոնց պարագային արդէն իսկ ձեւաւորուած են բարեկամական կապեր, այնպէս ալ այն երկիրներու հետ, որոնց հետ համագործակցութեան զարգացումն ունի շօշափելի ներուժ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ այլ ոլորտներու մէջ: Այս ծիրին մէջ, նշուած են այն այցերն ու շփումները, որոնք նոր լիցք եւ բովանդակութիւն հաղորդած են համապատասխան երկիրներու հետ օրակարգի, երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ գործընկերութեան զարգացման: Ընդգծուած է, որ տարբեր ուղղութիւններով յարաբերութիւնները բարձրացուած են կամ միտուած են որակապէս նոր, այդ շարքին՝ ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի, եւ այդ առումով տարին յագեցած եղած է իրենց ձեւաչափով միջոցառումներով եւ աշխուժութեամբ: Արձանագրուած է, որ տարուայ ընթացքին կայացած է 34 բարձրաստիճան այց Հայաստանի Հանրապետութիւն, իսկ ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ իրականացուած է 68 այց, որմէ 40-ը՝ արտաքին գործերու նախարարին կողմէ:

ՀՀ վարչապետին ներկայացուած են նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան, զարգացման համագործակցութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, բազմակողմ մշակութային համագործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ տարբեր կառոյցներու մէջ ՀՀ թեկնածութիւններու յառաջմղման աշխատանքներն ու արդիւնքները: Ներկայացուած են նաեւ առանցքային խնդիրներու շուրջ ՀՀ դիրքորոշումներու, ի թիւս այլ նախաձեռնութիւններու, ՀՀ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի հանրահռչակման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքները, այդ շարքին՝ միջազգային մամուլում շուրջ 2500 հրապարակումներու միջոցով:

Ներկայացուած են նաեւ 2024 թ. ծրագրուող միջազգային միջոցառումները եւ այդ ուղղութեամբ նախանշուող ֆինանսական ծախսերը:

Անդրադարձ կատարուած է ՀՀ-ի մէջ, ինչպէս նաեւ արտերկրի մէջ ՀՀ նոր դիւանագիտական եւ հիւպատոսական հիմնարկներու բացման առնչուող հարցերու:

Ներկայացուած են նաեւ ԱԳՆ կեդրոնական համակարգի եւ արտերկրի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու աշխատանքային, այդ շարքին՝ շէնքային պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ իրականացուած ծաւալուն, թիրախային աշխատանքները: Ընդգծուած է, որ թուային օրակարգի շրջանակին մէջ շարունակուած է հիւպատոսական ծառայութիւններու թուայնացումը, ինչի շնորհիւ ներդրուած է առցանց վճարումներու, հերթագրման եւ տեսակապի միջոցով համապատասխան փաստաթուղթերու տրամադրման հնարաւորութիւնը:

Ընդգծելով դիւանագիտական ծառայութեան կարողութիւնները ուժեղացնելու կարեւորութիւնը՝ ներկայացուած են նաեւ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը դիւանագիտական դէմքերով համալրելու, ինչպէս նաեւ ՀՀ դիւանագիտական դպրոցին մէջ օտարերկրեայ դիւանագէտներու վերապատրաստման ծրագրերը: Անդրադարձ կատարուած է ԱԳՆ համակարգին մէջ իրականացուող եւ շարունակական բարեփոխումներուն, դիւանագիտական ծառայութեան գրաւչութեան աւելացման նպատակով հնարաւոր քայլերուն: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ դիւանագիտական ծառայութիւնը իր բնոյթով առանձնայատուկ է եւ կարեւորած է միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով ծառայութեան ներուժը հարստացնելու, այդ շարքին՝ երիտասարդ ու յատուկ մասնագիտական կարողութիւններ ունեցող դէմքերով զայն լրացուցիչ համալրելու գործընթացը:

Հաշուետուութեան ներկայացումէն յետոյ ծաւալած է մտքերու փոխանակութիւն: Նախանշուած են քանի մը ուղղութիւններով ԱԳՆ հետագայ ծրագրերն ու ընելիքները։

Վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է դիւանագիտական ծառայութեան շարունակական զարգացումը՝ ներկայիս համաշխարհային միտումներուն համահունչ: «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն նպատակը Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ապահովելը եւ երաշխաւորելն է», ըսած է վարչապետը: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է նաեւ արտաքին քաղաքականութեան տնտեսական բաղադրիչի առաւելագոյնս օգտագործման անհրաժեշտութիւնը եւ պատասխանատուներուն տուած է յանձնարարականներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment