Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սուրէն Պապիկեան Ընդունած Է Արտաքին Գործողութիւններու Եւրոպական Ծառայութեան Վարչութեան Պետը

Սուրէն Պապիկեան Ընդունած Է Արտաքին Գործողութիւններու Եւրոպական Ծառայութեան Վարչութեան Պետը

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան վարչութեան պետ Ռորի Տոմմը:

Պաշտպանությեան նախարարութեան լրատուական վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ քննարկուած են Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:

Եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեային ուղեկցած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Վասիլիս Մարակոսը:

Նախօրէին Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է Ռորի Տոմմը: Գրիգորեան նշած է, որ ԵՄ-ի հետ համագործակցութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայուն անվտանգային միջավայր ունենալուն: Տոմմն ու Գրիգորեանը անդրադարձ կատարած են Խաղաղութեան եւրոպական գործիքակազմին միջոցով Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելու գործընթացի ընթացքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment