Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լեմքինի Հիմնարկը Դատապարտած Է Արեւելեան Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասին Վրայ Յարձակումը

Լեմքինի Հիմնարկը Դատապարտած Է Արեւելեան Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասին Վրայ Յարձակումը

by MassisPost

Ցեղասպանութեան կանխարգելման Լեմքինի հիմնարկը խստօրէն կը դատապարտէ իսրայէլա-աւստրալացի գործարար Տենի Ռուպենշթէյնի հետ կապուած զինուած խմբաւորումներու վերջին դաժան յարձակումը Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասին վրայ:

«Մենք կը կրկնենք մեր նախորդ յայտարարութեան կոչը՝ պաշտպանելու հայկական թաղամասին մշակութային ժառանգութիւնը եւ յարգելու անոր բնակիչներուն կամքը, որոնք կը շարունակեն դիմադրել իրենց հողերուն բռնի իւրացմանը», ըսուած է հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:

Լեմքինի հիմնարկը ընդգծած է, որ նման իրադարձութիւնները կը նպաստեն զանգուածային վայրագութիւններուն եւ ցեղասպանութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման: Կը նշուի, որ  նման նախազգուշացումները կարեւոր են հայերու դէմ հետագայ մագլցումը կանխելու համար:

«Մենք լիովին կ’աջակցինք սաղիմահայութեան դիմադրութեան եւ իշխանութիւններուն կոչ կ’ընենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցներով ապահովելու հայկական թաղամասին եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մնացած մասին անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment