Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ ՊՆ Ղեկավարը Գոհունակութիւն Յայտնած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Վստահութեան Մեծացման Առնչութեամբ

Թուրքիոյ ՊՆ Ղեկավարը Գոհունակութիւն Յայտնած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Վստահութեան Մեծացման Առնչութեամբ

by MassisPost

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ յայտնած է, որ անոնք Ատրպէյճանի հետ միասնական են վիշտի եւ ուրախութեան մէջ։

«Մեր ռազմավարական դաշնակցութեան ամրապնդման եւ համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ համատեղ ջանքերը յաջողութեամբ կը շարունակուին։ Պաշտպանական արդիւնաբերութեան եւ ռազմական համագործակցութեան գլխաւորութեամբ՝ մեր անքակտելի համերաշխութիւնը ա՛լ աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու համար անդադար կ’աշխատինք», ըսած է Եաշար Կիւլերը:

Անոր խօսքով՝ Կովկասեան տարածաշրջանին արդէն ոչ թէ հակամարտութիւն, այլ բարեկամութիւն եւ համագործակցութիւն է անհրաժեշտ․ «Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ անդորրի հաստատումը կ’անցնի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ համապարփակ եւ մնայուն խաղաղութեան պայմանագրի միջով։ Կ’աջակցինք անոր ուղղուած անկեղծ ջանքերուն, կը փափաքինք, որ պահ առաջ դրականօրէն հանգուցալուծուին», ըսած է թուրք նախարարը։

Վերջինս գոհունակութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան մեծացման ուղղուած քայլերու առնչութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment