Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ակադեմական Քաղաքի Ստեղծման Նպատակով Երեւանի Եւ Արագածոտնի Մարզի Որոշ Տարածքներու Նկատմամբ Հանրութեան Գերակայ Շահ Կը ճանչցուի

Ակադեմական Քաղաքի Ստեղծման Նպատակով Երեւանի Եւ Արագածոտնի Մարզի Որոշ Տարածքներու Նկատմամբ Հանրութեան Գերակայ Շահ Կը ճանչցուի

by MassisPost

ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ Երեւան քաղաքի եւ Արագածոտնի մարզի Աշտարակ համայնքի Սասունիկ բնակավայրի վարչական սահմաններուն մէջ գտնուող որոշ տարածքներու նկատմամբ հանրութեան գերակայ շահ կը ճանչցուի:

Ըստ նախագիծի հիմնաւորման՝ Ակադեմական քաղաքի ստեղծման նպատակով որպէս հիմնական տեղամաս ընտրուած է Երեւան քաղաքի 17-րդ թաղամասի տարածքը, որու սահմաններուն մէջ առկայ են ինչպէս պետութեան եւ համայնքի սեփականութիւն հանդիսացող հողամասեր, այնպէս ալ ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու պատկանող հողամասեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment