Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Զգուշացուցած է Իսրայէլի Կառավարութիւնը Լարուածութիւն Ստեղծելէ Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի Մէջ

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Զգուշացուցած է Իսրայէլի Կառավարութիւնը Լարուածութիւն Ստեղծելէ Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի Մէջ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները չի փափաքիր, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը որեւէ քայլ ձեռնարկէ, որ կրնայ յանգեցնել լարուածութեան աճի։ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլըր այսպէս արձագանգած է Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին մէջ տիրող իրավիճակի մասին հարցին։

Միլլըրէն խնդրած էին մեկնաբանել Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի աքթիւիսթներու մտահոգութիւններուն վերաբերեալ հարցը առ այն, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը կ’օգտագործէ Կազայի հատուածին մէջ հակամարտութիւնը՝ քրիստոնեայ հայերը «Կովերու Պարտէզ»ի տարածքէն դուրս մղելու համար:

Ինչպէս նշած է ամերիկացի դիւանագէտը, այս հարցին յստակ պատասխան չկայ։
«Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ չենք փափաքիր, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը որեւէ քայլ ձեռնարկէ, որ կրնայ յանգեցնել լարուածութեան աճի», ըսած է Միլլըր ճեպազրոյցի ընթացքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment