Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Սահմանազատման Հարցերով Յանձնաժողովներու 5-րդ Հանդիպումը

Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Սահմանազատման Հարցերով Յանձնաժողովներու 5-րդ Հանդիպումը

by MassisPost

Նոյեմբեր 30-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի հինգերորդ հանդիպումը՝ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ:

Կողմերը շարունակած են սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձած են կազմակերպչական եւ ընթացակարգային շարք մը հարցերու:

Կողմերը նախնական համաձայնեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի միջեւ նիստերու եւ համատեղ աշխատանքային հանդիպումներու կազմակերպման եւ կայացման աշխատակարգի բնագիրը:

Կողմերը պայմանաւորուած են սկսիլ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան վերաբերեալ կանոնակարգի նախագիծի համաձայնեցման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ համաձայնութեան եկած են աշխուժացնել յանձնաժողովներու հանդիպումներու կայացումը:

Կողմերը պայմանաւորուած են նաեւ աշխատանքային կարգով նախանշել յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպման կայացման ամսաթիւն ու վայրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment