Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վրաստանի ԱԳՆ-ն Մեկնաբանած Է Ֆրանսայէն Հայաստան Զէնքի Մատակարարումները

Վրաստանի ԱԳՆ-ն Մեկնաբանած Է Ֆրանսայէն Հայաստան Զէնքի Մատակարարումները

by MassisPost

Վրաստանի արտաքին գործերու նախարար Իլիա Տարչիաշվիլին մեկնաբանած է Ֆրանսայէն Վրաստանի տարածքով Հայաստան զէնքի մատակարարման մասին տեղեկութիւնները:

Վրացական հանրային հեռուստաալիքի «Ազատ Հայեացք» հաղորդաշարի հաղորդավարը նշած է, որ Վրաստանի տարածքով Ֆրանսայէն Հայաստան զրահասարք մատակարարելու մասին տեղեկութիւնը տարածուած է ատրպէյճանական, ապա վրացական լրատուամիջոցներուն մէջ եւ հարցում ուղղած՝ արդեօք այդ պիտի ազդէ՞ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Վրաստանի միջնորդութեան վրայ։

Նախարարը նշած է, որ Վրաստանը երկու երկիրներուն ալ հնարաւորութիւն կու տայ հաւասար պայմաններով օգտուելու տարանցման գործառոյթէն։

Տարչիաշվիլին ըսած է, որ իւրաքանչիւր երկիր պաշտպանական ուժեր ունենալու իրաւունք ունի։ Ան յաւելած է, որ երկիրները իրաւունք ունին ձեռք բերելու սովորական զէնք ու զինամթերք, որ արգիլուած չէ միջազգային պայմանագրերով։

«Վրաստանի դիրքորոշումը այն է, որ երկու երկրներուն ալ հնարաւորութիւն ընձեռուի

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment