Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ընդունած Է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարի Օգնական Ճէյմզ Օ-Պրայընը

Փաշինեան Ընդունած Է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարի Օգնական Ճէյմզ Օ-Պրայընը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ` իր կեցավայրին մէջ, ընդունած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնական Ճէյմզ Օ-Պրայընը:

Վարչապետը ընդգծած է ԱՄՆ դերը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ եւ կարեւորած է անոր շարունակականութիւնը:

Շեշտուած է 2023 թուականի Մայիս 14-ի եւ Յուլիս 15-ի` Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումներու արդիւնքներով համաձայնեցուած սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղութեան գործընթացը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան անդրադարադձած է ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին եւ յաւելած, որ տարածաշրջանային ճանապարհային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը պէտք է տեղի ունենայ ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներու հիման վրայ:

Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով 100 հազարէ ագելի բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն: Կարեւորուած է միջազգային հանրութեան օժանդակութիւնը` առկայ խնդիրներու լուծման գործին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment