Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ British Petroleum-ը Նպաստած Է Ղարաբաղեան Հայերու Դէմ Ատրպէյճանի Ռազմական Յարձակումին․ The Guardian

British Petroleum-ը Նպաստած Է Ղարաբաղեան Հայերու Դէմ Ատրպէյճանի Ռազմական Յարձակումին․ The Guardian

by MassisPost

Իրաւապաշտպանները կը պնդեն, որ British Petroleum-ը (BP), որ ամենամեծ բաժնեմասը ունի Ատրպէյճանի քարիւղի ու կազի արտահանման ծրագրերու մէջ, նպաստած է ղարաբաղեան հայերու դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումին, հաղորդած է Լոնտոնի մէջ լոյս տեսնող «The Guardian»-ը` վկայակոչելով Global Witness կազմակերպութեան հետազօտութիւնը։

Ամերիկեան հասարակական իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ բրիտանական քարիւղային ընկերութեան մեծ նաւթակազային նախագիծերու օգնութեամբ Պաքուն միլիառաւոր տոլարներ ստացած է։ Քարիւղէն ու կազէն ստացած այդ եկամուտներուն շնորհիւ, ըստ հետազօտողներու, Ատրպէյհանը 2020-էն՝ «Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածքին մէջ պատերազմի բռնկումէն ի վեր» չորս անգամ աւելցուցած է ռազմական ծախսերը։

«Վերլուծութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ ըլլալով Ատրպէյճանի ամենամեծ ներդրողը՝ British Petroleum-ը «անուղղակիօրէն օգնած է Ատրպէյճանին ֆինանսաւորելու Սեպտեմբերին վիճելի տարածաշրջանին մէջ հայերու դէմ ռազմական յարձակումը, որուն հետեւանքով աւելի քան 100 հազար մարդ լքած է տարածքը», կը գրէ «The Guardian»-ը։

Նոյն ամսուան մէջ՝ անցեալ Սեպտեմբերին, BP-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաները, այդ շարքին՝ ընկերութեան նախագահն ու նախկին գործադիր տնօրէնը այցելած էին Պաքու՝ մասնակցելու նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւի 100-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառումներուն։

Ընդգծելով, որ BP-ի երկար տարիներու համագործակցութիւն ունի ալիեւներու «բռնապետութեան» հետ՝ Global Witness-ի աւագ աքթիվիսթ Տոմինիք Իկլթըն ըսած է՝ «բրիտանական ընկերութիւնը երջանիկ էր շարունակելու արդիւնահանումը Ատրպէյճանի մէջ՝ այդպէս ալ որեւէ դաս չքաղելով Ռուսաստանի հետ նախադէպէն»։

Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի պատերազմէն յետոյ BP-ը՝ արեւմտեան տասնեակ այլ ընկերութիւններու հետ, հեռացաւ այդ երկրէն՝ թողելով «Ռոսնեֆթի» բաժնետոմսերու մօտ քսան տոկոսը։

«Դաժան բռնապետերը ֆինանսաւորելը միշտ վատ կ՛աւարտի», ընդգծած է իրաւապաշտպանը։

BP-ն կը հերքէ մեղադրանքները։ Ընկերութեան խօսնակը ըսած է, թէ «BP-ն արդէն երեք տասնամեակէ կ’աշխատի Ատրպէյճանի մէջ եւ կը շարունակէ յանձնառու մնալ տարածաշրջանին մէջ անվտանգ, վստահելի գործունէութիւն ծաւալելու յանձնառութեան»։

Աղբիւր՝ azatutyun.am

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment