Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գրիգորեան. Երեւանը Դիմած Է ԵՄ-ին Գործակցութիւնը Ընդլայնելու Համար՝ Նաեւ Անվտանգութեան Ուղղութեամբ

Գրիգորեան. Երեւանը Դիմած Է ԵՄ-ին Գործակցութիւնը Ընդլայնելու Համար՝ Նաեւ Անվտանգութեան Ուղղութեամբ

by MassisPost

Հայաստան դիմած է Եւրոմիութեան տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը ընդլայնելու, նոյնիսկ՝ անվտանգութեան, Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած է ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը։ Արմէն Գրիգորեանը, սակայն, չէ մանրամասնած, թէ Երեւանը Արեւմուտքի հետ ինչպիսի գործակցութիւն կ’ակնկալէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ:

«Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը յաճախ թիրախաւորւում է, եւ այդ թիրախաւորումից պաշտպանուելու համար անհրաժեշտ է նաեւ՝ Հայաստանը լուրջ աջակցութիւն ստանայ. Հայաստանը աջակցութիւն ստանայ՝ զանազանեցնելու իր տնտեսութիւնը, Հայաստանը աջակցութիւն ստանայ՝ անվտանգութեան ոլորտում զանազանեցնելու իր միջոցները», ընդգծած է Գրիգորեան:

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը այդ մասին խօսած է հայաստանեան քաղաքական հասարակութեան նախաձեռնած «Հայաստանի ռազմավարական ապագան. ՀՀ-Եւրոպա» համաժողովի ընթացքին: Առանց մանրամասնութիւններ ներկայացնելու, Գրիգորեան շեշտած է՝ անվտանգութեան թեմայով նախապէս Երեւանը նման մակարդակի քննարկումներ չէ ունեցած Արեւմուտքի հետ, բերելով Ֆրանսայի օրինակը: Երեւանն ու Փարիզը անցեալ ամիս ռազմական համագործակցութեան, այդ շարքին՝ պաշտպանական սպառազինութեան մատակարարման պայմանագիր կնքեցին։

«Դեռեւս օրինակելի երկրներ կան, օրինակ՝ Ֆրանսան, ում հետ ռազմական ոլորտում մենք շատ մեծ յառաջընթաց ենք գրանցել, բայց ակնկալիքներ ունենք, որ ե՛ւ հաւաքական Եւրոպան, ե՛ւ անհատական երկրների հետ մենք կարողանալու ենք ամրապնդել մեր անվտանգային համագործակցութիւնը», ըսած է Գրիգորեան՝ շարունակելով. «եւ երբ ես ասում եմ անվտանգային համագործակցութիւն, դա միայն ի նկատի չունեմ ռազմականը՝ անվտանգութիւն աւելի լայն ծիրի մէջ»:

ԱԽ քարտուղարը Պրիւքսէլ մեկնած է Երեւանի ու Մոսկուայի միջեւ լարուածութեան լոյսին տակ: Նախօրէին ան մերժած էր մասնակցիլ Մոսկուայի մէջ կայացած ԱՊՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարներու հաւաքին՝ առանց պատճառները յստակացնելու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment