Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Բարձրաստիճան Զինուորականը Յայտնած Է Նահանգներու Պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանի Հետ Ռազմական Շարք Մը Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութեան

ԱՄՆ Բարձրաստիճան Զինուորականը Յայտնած Է Նահանգներու Պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանի Հետ Ռազմական Շարք Մը Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութեան

by MassisPost

ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը Նոյեմբեր 1-3-ին այցելած է Շթութկարտի մէջ տեղակայուած ԱՄՆ եւրոպական հրամանատարութեան կեդրոնակայան՝ ԱՄՆ եւրոպական հրամանատարութեան հրաւէրով։

Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը հանդիպած է ԱՄՆ եւրոպական հրամանատարութեան հրամանատարի տեղակալ, զօրավար-լեյթենանթ Սթիվըն Պաշամի հետ, քննարկած է հայ-ամերիկեան ռազմական համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր:

էտուարտ Ասրեան ներկայացուցած է Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ եւ անոնց ընթացքին ԱՄՆ-էն ակնկալուող աջակցութիւնը: Սթիվըն Պաշամ յայտնած է ԱՄՆ-ի պատրաստակամութիւնը՝ համագործակցութեան ընթացիկ ծրագրերուն աջակցութիւնը շարունակելու, նաեւ նախաձեռնելու համագործակցութեան նոր ուղղութիւններ հետեւեալ ոլորտներուն մէջ՝
զինուած ուժերու արհեստավարժացում, արհեստավարժ սերժանթական կազմի ամրապնդում, ղեկավարման համակարգի արդիականացում, խաղաղապահութիւն, ռազմական բժշկութիւն, ռազմական կրթութիւն ու մարտական պատրաստութիւն, վարժանքներ եւ այլն։

Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր։

Այցի շրջանակին մէջ զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեան այցելած է նաեւ Հոհենֆելսի մէջ տեղակայուած Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու միացեալ բազմազգ պատրաստութեան կեդրոն եւ սերժանթական ակադեմիա:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment