Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախարարը Նշած Է 1990-ական Թուականներէն Ատրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ Գտնուող Տարածքները. ԱԳՆ Պարզաբանումը

Նախարարը Նշած Է 1990-ական Թուականներէն Ատրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ Գտնուող Տարածքները. ԱԳՆ Պարզաբանումը

by MassisPost

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը ի պատասխան «Ազատութեան» հարցումին, պարզաբանած է նախարար արարատ Միրզոյեանի յայտարարութիւնը, թէ ՀՀ ինքնիշխան տարածքի 200 քառակուսի քմ կը գտնուի ատրպէյճանական բռնագրաւման ներքոյ:

«Կը խնդրեմ եւս մէկ անգամ ուշադրութեամբ լսել արտաքին գործերի նախարարի պատասխանը։ Նախարարը յստակ նշում է, թէ ինչ տարածքների մասին է խօսքը. դրանք ոչ միայն 2020թ. 44-օրեայ պատերազմից յետոյ բռնագրաւուած տարածքներն են, այլեւ դեռեւս 1990-ական թուականներից Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները։ Յիշեցնեմ, այդպիսիք են, օրինակ՝ Արծուաշէնը, Տաւուշի մարզի Վազաշէն, Այգեհովիտ, Բերքաբեր եւ Պառաւաքար գիւղերի վարելահողերը։ Այստեղ տարընթերցման հնարաւորութիւնն առարկայականօրէն բացակայում է», պարզաբանած է ԱԳՆ խօսնակ Անի Բադալեանը:

Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութիւնը մեծ հնչեղութիւն ստացած էր, քանի որ մինչեւ այժմ Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարէին, թէ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանը գրաւած է Հայաստանի տարածքէն մօտ 150 քառակուսի քիլոմեթր: Փաստացի՝ ԱԳՆ պարզաբանումէն կը հետեւի, որ 90-ականներուն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքները շուրջ 50 քառակուսի քիլոմեթր կը կազմեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment