Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ժիրայր Սեֆիլեան Հարցաքննուած է Որպէս Վկայ Ահաբեկչութեան Գործին Մէջ

Ժիրայր Սեֆիլեան Հարցաքննուած է Որպէս Վկայ Ահաբեկչութեան Գործին Մէջ

by MassisPost

Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռի առաջնորդներէն Ժիրայր Սեֆիլեանը, «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան, տեղեկացուցած է, որ «ահաբեկչութեան գործի» շրջանակին մէջ որպէս վկայ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան մէջ (ԱԱԾ) հարցաքննուած է։

Ան հերքած է Բեւեռի մասնակցութիւնը այդ գործին։

Սեֆիլեան ըսած է, որ կալանաւորուածներէն երկուքը կը ճանչնայ, բեւեռական չեն, բայց վերջին շրջանին շփումներ ունեցած են իրենց հետ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հեռացման շուրջ։

Սեֆիլեան չի կարծեր, թէ անոնք իսկապէս փորձած են ահաբեկչութիւն կատարել։

Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 2-ին ԱԱԾ-ն հաղորդագրութիւն տարածած էր, որ բացայայտուած է նախնական համաձայնութեամբ խումբի կազմին մէջ ահաբեկչութեան նախապատրաստութիւն կատարելու դէպք:

Յանցաւոր խումբի հինգ անդամներու նկատմամբ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածով յարուցուած են հանրային քրէական հետապնդումներ, ներկայացուած՝ մեղադրանքներ: Վերջիններուս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը:

Ժիրայր Սեֆիլեանի առաջնորդած բեւեռին մաս կը կազմեն նաեւ «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի շարք մը անդամներ, որոնք 2016 թուականին Երեւանի մէջ գրաւեցին Ոստիկանութեան գունդի տարածքը՝ յայտարարելով, թէ կը պայքարին, որ այն ժամանակուան իշխանութիւնները չյանձնեն Արցախը։ Այս գործողութեան հետեւանքով երեք ոստիկան զոհուեցաւ։ Խումբին անդամները դատապարտուած են 6-8 տարուան բանտարկութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment