Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ն Կը Հաղորդէ Ահաբեկչութեան Նախապատրաստութիւն Բացայայտելու Մասին

ԱԱԾ-ն Կը Հաղորդէ Ահաբեկչութեան Նախապատրաստութիւն Բացայայտելու Մասին

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը հաղորդէ, որ ահաբեկչութեան նախապատրաստութիւն բացայայտած է։

Ըստ իրաւապահներու, խումբի արդէն կալանաւորուած հինգ եւ ինքնութիւնը չպարզուած այլ անձեր ծրագրած են կազմալուծել իշխանութեան գործունէութիւնը՝ նախապատրաստելով պայթում եւ հանրութեան համար վտանգաւոր արարք։ Թէ յստակ ինչ, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը չէ հրապարակած։

Ահաբեկիչները, ըստ իրաւապահներու, պէտք է զաւթէին պետական նշանակութեան եւ այլ շինութիւններ՝ սպաննելով քաղաքացիական անձ։ Թէ ով էր թիրախին, եւս չէ յստակացուած։

Հինգ կալանաւորուածներու անուններու միայն առաջին տառերը հրապարակուած են, տեսանիւթին մէջ անոնց ձայնը փոխուած է, դէմքը՝ փակուած։ Ընդ որում, ահաբեկչական գործողութիւնը «Հիւսիսային տերեւաթափ» անուանումը ունեցած է, չէ յստակացուած՝ արդեօ՞ք հիւսիս ըսելով նկատի առնուած է Ռուսաստանը։

Ըստ հրապարակուած ձայնագրութիւններուն՝ խումբը ունեցած է արտերկրեայ հովանաւորներ: Ահաբեկչական գործողութիւններուն աւելի լայն զանգուածներ ներգրաւելու համար, ըստ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան, ծրագրուած է ստեղծել ուքրանական, մոլտովական թելեկրամեան ալիքներ՝ «Ազգային փրկութեան ապստամբութիւն» անուանումներով, եւ աշխուժացնել զանոնք ահաբեկչութեան նախորդ գիշերը, ինչպէս նաեւ ներգրաւել Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռի աքթիվիսթները. յամենայն դէպս նկարահանումներուն մէջ երեւցող փաստաթուղթին մէջ քաղաքական այս միաւորին անունը նշուած է։ Բեւեռը առայժմ չէ մեկնաբանած տեսանիւթը։

Իրաւապահներուն փոխանցմամբ՝ ծրագրուած էր նաեւ յանցաւոր խումբի անդամներու ընտանիքներու տեղափոխումը Վրաստան:

Խուզարկութիւններով յայտնաբերուած է ռազմամթերք՝ այդ շարքին հրազէն, պայթուցիկ, հրթիռի արձակման սարք։ Հրապարակուած ձայնագրութեան մէջ տղամարդիկ, ըստ ամենայնի, կը քննարկեն անօդաչու սարքով պայթում կազմակերպելու տարբերակը:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան հրապարակած մէկ այլ ձայնագրութեան մէջ ալ, ամենայն հաւանականութեամբ, կասկածեալները շէնքի տարածք կը դիտարկեն. «Ես գիտեմ այ էս տարածքը շատ լաւ, հոյակապ: Էս համալիրն ա, ու այ էս էրկու բլուրը տեսնո՞ւմ ես, տեսնո՞ւմ ես՝ ստեղ խաչմերուկ ա, այ ստեղ ոստիկանական փոսթ ա: Եթէ էս ըլնի, ինքը շատ լաւ տեղ ա, ու համ էլ սենց թիրախաւորում ա»:

Վերջին մէկ ամսուան մէջ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կը յայտնէ պետական ահաբեկչութեան կանխման արդէն երկրորդ փորձի մասին։ Սեպտեմբերի վերջը հաղորդուեցաւ, որ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ալպերթ Բազէեանը «Խաչակիրներ ռազմահայրենասիրական» հասարակական կազմակերպութեան անդամներուն հետ ծրագրած է բռնութեամբ զաւթել իշխանութիւնը։ Բազէեանը, մասնաւորապէս, կը մեղադրուի վարչապետ Փաշինեանի սպանութիւնը նախապատրաստելու մէջ, ան չ’ընդունիր մեղադրանքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment