Home Uncategorized Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան Որեւէ Խախտում Պիտի Ունենայ Լուրջ Հետեւանքներ. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան Որեւէ Խախտում Պիտի Ունենայ Լուրջ Հետեւանքներ. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում պիտի ունենայ լուրջ հետեւանքներ: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը՝ պատասխանելով «Ամերիկայի ձայն»-ի հայկական ծառայութեան հարցումին:

«Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կ’աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք ընդգծած ենք, որ այս ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում պիտի յանգեցնէ լուրջ հետեւանքներու։

Մենք պարբերաբար կ’ընդգծենք մեր ակնկալիքները, օրինակ՝ ուժի կիրառման դէմ նախազգուշացումները, եւ մշտապէս կը հետեւինք իրավիճակին։ Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու մերձաւոր գործընկերն է ու բարեկամը, եւ մենք համագործակցութեան յոյս ունինք Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ՝ Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական անվտանգութիւնը ամրապնդելու համար», կ’ըսուի Պետական Քարտուղարութեան մեկնաբանութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Լեմքինի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը կարմիր դրօշի ահազանգ հնչեցուցած եւ յայտարարած էր, որ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան ներխուժման անհանգստացնող հաւանականութիւն կը տեսնէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment