2023 թուականի Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներու ընթացքին Հայաստանի Պետական Եկամուտներու Կոմիտէին (ՊԵԿ) կողմէ ապահովուած են 1 թրիլիոն 793,6 միլիառ դրամ (4 միլիառ 484 միլիոն տոլար) հարկային եկամուտներ եւ պետական տուրքեր, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն աւելի է 234,4 միլիառ դրամով կամ 15 տոկոսով:
ՊԵԿ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի հաղորդագրութեան համաձայն՝ 2023-ի առաջին տասը ամիսներուն հարկ վճարողներուն եւ ֆիզիքական անձերու վերադարձուած է շուրջ 305 միլիառ դրամ, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն աւելի է 92,6 միլիառ դրամով կամ 43,6 տոկոսով: