Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պետական Քարտուղար Պլինքըն Յիշատակած Է Հայաստանը ԱՄՆ Ծերակոյտի Լսումներու Ընթացքին

Պետական Քարտուղար Պլինքըն Յիշատակած Է Հայաստանը ԱՄՆ Ծերակոյտի Լսումներու Ընթացքին

by MassisPost

Հոկտեմբեր 31-ին ԱՄՆ Ծերակոյտի յատկացումներու հարցերով յանձնաժողովի լսումներուն, որոնք նուիրուած էին ազգային անվտանգութեան ոլորտին յաւելեալ 106 միլիառ տոլար տրամադրելու Պայտընի վարչակազմի խնդրանքին, ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յիշատակեց Հայաստանը օգնութիւն ստացող երկիրներու շարքին:

Իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, պետական քարտուղարը ըսած է. «Այս յատկացումը թոյլ պիտի տայ մեզի հասցէագրել մարդասիրական ծանր կարիքները, որոնք ի յայտ եկած են մենատէրերու եւ ահաբեկիչներու մեղքով, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ, Կազայի, Սուտանի, Հայաստանի եւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ հակամարտութիւններու եւ բնական աղէտներու հետեւանքով: Սնունդը, ջուրը, դեղորայքը եւ այլ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը խաղաղ բնակիչներուն պէտք է անարգել հասնի Կազա: Քաղաքացիական անձեր պէտք է հեռու մնան վտանգէն: Այս խնդիրը աւելի կը բարդանայ, քանի որ «Համաս»ը կ’օգտագործէ խաղաղ բնակչութիւնը որպէս կենդանի վահան: Անհրաժեշտ է դիտարկել մարդասիրական զինադադարներու հարցը», ըսած է պետական քարտուղար Պլինքընը ԱՄՆ Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Փեթի Մուրէյի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած լսումներու ընթացքին:

Էնթընի Պլինքըն նաեւ ընդգծած է, որ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան ընթացքին Կազայի հատուած մարդասիրական օգնութեան մշտական հոսքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ լարուածութիւնը հաւանաբար աւելի պիտի մեծնայ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment