Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յառաջիկայ Օրերուն Եւ Շաբաթներուն Հայաստան Ներխուժման Վտանգ Կայ. Լեմքինի Հիմնարկը Ամենաբարձր Նախազգուշացումը Յայտարարած Է

Յառաջիկայ Օրերուն Եւ Շաբաթներուն Հայաստան Ներխուժման Վտանգ Կայ. Լեմքինի Հիմնարկը Ամենաբարձր Նախազգուշացումը Յայտարարած Է

by MassisPost

Լեմքինի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը կարմիր` ամենաբարձր նախազգուշացումը յայտարարած է Պաքուի համար․

«Ատրպէյճանը վաղուց կը տենչայ Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզը, որ ոչ-վաղ անցեալին կը քննարկուէր որպէս վայր, ուրկէ պիտի անցնէր Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող «Զանգեզուրի միջանցքը» դէպի Նախիջեւան:

Հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին քաղաքական զարգացումները, այդ շարքին՝ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին ատրպէյճանական ներխուժումը Արցախ եւ անոր յաջորդած տարածքի բռնազաւթավումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ տարածուած ցեղասպանական հայատեացութիւնը, մեծ վտանգ կայ, որ Ատրպէյճանի ներխուժումը կրնայ վերածուիլ ցեղասպանութեան:

Աշխարհին կը յիշեցնենք, որ ցեղասպանութիւնը միայն զանգուածային սպանութիւններու միջոցով չ’արտայայտուիր, ինչպէս եղաւ 2023 թուականի Սեպտեմբերին Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի վերջին բռնազաւթման ժամանակ: Ցեղասպանութիւնը կրնայ արտայայտուիլ նաեւ կոտորածի, վայրագութեան եւ բնիկ տարածքներէն բռնի տեղահանման միջոցով, երբ այդ գործողութիւններու հիմքին ինկած գաղափարախօսութիւնը ուղղուած է ինքնութեան ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման։

Թէեւ Ատրպէյճանի պաշտօնեաները վերջերս իրենց հեռու կը պահեն Սիւնիքով անցնող «Զանգեզուրի միջանցքի» ծրագրէն, այնուամենայնիւ, անհանգստանալու քանի մը պատճառ կայ: Արցախի հայկական տարածքին դէմ Ատրպէյճանի յարձակողական պատերազմէն յետոյ, որ յանգեցուցած է հայ խաղաղ բնակիչներու դաժան սպանութիւններուն եւ գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման, Ատրպէյճանը հրապարակայնօրէն իր հայեացքը ուղղած է Հայաստանի ամենահարաւային Սիւնիքի մարզին, որ ան կը համարէ իր սեփական տարածք՝ զայն անուանելով «արեւմտեան Ատրպէյճան»…

Ամենասարսափելին այն է, որ Ատրպէյճանը սկսած է ռազմական ուժեր կուտակել Հայաստանի հետ սահմաններու երկայնքով, ներառեալ Նախիջեւանի ներգաւառին մէջ (որ սահմանակից է Թուրքիոյ): Անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանը նաեւ  Թուրքիոյ հետ համատեղ զօրավարժութիւններու շարք կատարած է, ինչպէս որ ըրած էր 2020 թուականի Սեպտեմբերին Արցախ/Լեռնային Ղարաբաղ ներխուժելէն քանի մը շաբաթ առաջ: Վտանգի այս կարմիր նախազգուշացումները կը յուշեն, որ Ատրպէյճանը, պատրաստուելով հնարաւոր ներխուժման, միաժամանակ կը փորձէ ահաբեկել Հայաստանը, որպէսզի վերջինս զիջի տարածքներ եւ միջանցքի իրաւունքները՝ այդպիսով փորձելով խուսափիլ ներխուժումէն», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment