Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ Առաքելութիւնը Եղէգնաձորի Մէջ Նոր Գրասենեակ Բացաւ

ԵՄ Առաքելութիւնը Եղէգնաձորի Մէջ Նոր Գրասենեակ Բացաւ

by MassisPost

ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը Եղէգնաձորի մէջ նոր գրասենեակ բացաւ՝ տեղեկացնելով, որ իր մօտ 100 դիտորդները արդէն 1000-րդ պարեկութիւնը իրականացուցած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին։

Ընդգծելով, որ այս տարածաշրջանը արժանի է տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան՝ առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր յոյս յայտնեց, որ միասին պիտի կարենան նպաստել այդ նպատակի իրականացման։

«Կը կարծեմ՝ բոլորս համաձայն ենք, որ այս տարածաշրջանը արժանի է տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան ու յոյսով եմ, որ միասին պիտի կարենանք նպաստել այդ նպատակի իրականացման», նշեց Ռիթըր:

Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավարը Հայաստանի մէջ՝ Վասիլիս Մարակոսը, Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումը Եւրոմիութեան հիմնական նպատակներէն մէկը համարեց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment