Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Մանկական Աշխարհ» Հանրախանութին Շէնքը Մասնաւորեցուցած Է Արա Աբրահամեանին Պատկանող Ընկերութիւնը

«Մանկական Աշխարհ» Հանրախանութին Շէնքը Մասնաւորեցուցած Է Արա Աբրահամեանին Պատկանող Ընկերութիւնը

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութեան Պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան մէջ ուսումնասիրուած են Երեւան քաղաքի Արամի փողոցի 32 հասցէին գտնուող շէնքի՝ նախկին «Մանկական Աշխարհ» հանրախանութին՝ 6198 քմ մակերեսով հողամասի մասնաւորեցման վերաբերեալ փաստաթուղթերը, որուն մէջ յայտնաբերուած է առերեւոյթ յանցանքի դէպք՝ դատախազը յանցանքի մասին հաղորդում ներկայացուցած է Հակափտածութեան Կոմիտէ:

երեւանի Կեդրոն համայնքին նուիրաբերուած, պատմամշակութային յուշարձան հանդիսացող «Մանկական Աշխարհ» նախկին հանրախանութին շէնքը 2001 թուականի Սեպտեմբեր 6-ին Կեդրոն թաղային համայնքի եւ «Սոգլասիէ-Արմենիայ» ընկերութեան միջեւ կնքուած ուղղակի վաճառքի պայմանագրով օտարուած է:

2023 թուականի Հոկտեմբեր 10-ին Հակափտածութեան Կոմիտէին մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 441-րդ յօդուածի 1-ին մասով (պաշտօնատար անձի կողմէ իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը չարաշահելը կամ լիազօրութիւնները անցնելը):

«Սոգլասիէ-Արմենիա» ընկերութեան իրական սեփականատէր կը հանդիսանան Հրաչեայ Սարգսեանը, Վարդան Թունեանը եւ Աւետ Ադոնցը։ Վարդան Թունեանը ոստիկանութեան ներքին հաշուեքննութեան վարչութեան նախկին պետն է։ Ան այժմ ոստիկանութեան նախկին պետ Վլատիմիր Գասպարեանի եւ վերջինիս տեղակալ Լեւոն Երանոսեանի հետ միասին մեղադրեալի կարգավիճակ ունի մէկ այլ քրէական գործով։ Աւետ Ադոնցը նախկին դեսպան է, ինչպէս նաեւ 2019-2021 թուականներուն եղած է արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ։ 2021-ին հեռացած է պաշտօնէն՝ սեփական դիմումի համաձայն։

Ըստ իրաւաբանական անձերու ելեկտրոնային արձանագրութեան տուեալներուն՝ «Սոգլասիէ-Արմենիա»-ի միակ մասնակիցը «Սոգլասիէ» ընկերութիւնն է, որ արձանագրուած է Մոսկուայի մէջ ու կը պատկանի Արա Աբրահամեանին։ «Սոգլասիէ-Արմենիա»-ի մէջ  բաժնեմաս ունեցած է նաեւ Աբրահամեանի եղբայրը՝ Սերյոժա Աբրահամեանը, որ 2003-2007 թուականներուն եղած է անկուսակցական պատգամաւոր, իսկ 2007-ին պատգամաւոր դարձած է ՕԵԿ-էն:

Ի դէպ, «Սոգլասիէ-Արմենիա»-ն պետական գրանցում ստացած է 2001 թուականի Օգոստոս 31-ին՝ Արամի 32 շէնքի մասնաւորեցումէն օրեր առաջ։ Հանրախանութի՝ Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող շէնքը այժմ դատարկ է, այնտեղ որեւէ գործունէութիւն չի իրականացուիր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment