Home Uncategorized Ըստ Զախարովայի, «WSJ»-ի Հարցազրոյցին Մէջ Փորձ Կը Կատարուի Նսեմացնելու Ռուսաստանի Հետ Հայաստանի Կապի Նշանակութիւնը

Ըստ Զախարովայի, «WSJ»-ի Հարցազրոյցին Մէջ Փորձ Կը Կատարուի Նսեմացնելու Ռուսաստանի Հետ Հայաստանի Կապի Նշանակութիւնը

by MassisPost

Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան ճեպազրոյցին ընթացքին անդրադառնալով «The Wall Street Journal»-ին տուած հարցազրոյցին Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւններուն, ոչ այնքան Նիկոլ Փաշինեանը քննադատած է, որքան Արեւմուտքը:

«Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս արեւմտեան լրատուամիջոցները բառացիօրէն կը նստին պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցիչներուն վրայ՝ անոնցմէ կորզելով սադրիչ հարցումներու պատասխանները։ Ցաւօք, նման սադրանքները տեղ կը հասնին, մեզի ալ յաճախ սադրիչ հարցումներ կու տան, մենք կը նախընտրենք պատասխանել, որ մեր յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրները, մասնաւորապէս Հայաստանի հետ, կը լուծենք երկկողմ շփումներուն մէջ», ըսած է Զախարովան։

Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը շեշտած է, որ հարցազրոյցին մէջ փորձ կը կատարուի նսեմացնելու Ռուսաստանի հետ Հայաստանի կապի նշանակութիւնը, Հայաստանի եւ հայաստանցիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու հարցով ռուս զինուորականներուն եւ սահմանապահներուն դերը։

Հայաստանի վարչապետը «WSJ»-ին ըսած է, թէ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմախարիսխի շարունակուող ներկայութեան մէջ որեւէ առաւելութիւն չի տեսներ։ Փաշինեան յայտնած է, որ Հայաստանը նոր գործընկերներ կը փնտռէ, քանի որ Մոսկուան ձախողած է իրագործել դաշնակցային պարտաւորութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment