Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կառավարութիւնը Հաստատեց ԼՂ-էն Տեղահանուածներուն «Ժամանակաւոր Պաշտպանութեան Կարգավիճակ» Տրամադրելու Կարգը

Կառավարութիւնը Հաստատեց ԼՂ-էն Տեղահանուածներուն «Ժամանակաւոր Պաշտպանութեան Կարգավիճակ» Տրամադրելու Կարգը

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու ժամանակաւոր պաշտպանութեան տակ վերցնելու, ժամանակաւոր պաշտպանութիւն ստացած փախստականի անձը հաստատող փաստաթուղթի նկարագիրը եւ անոր տրամադրման կարգը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նախօրէին խորհրդարանին մէջ յայտնած էր սպասուող որոշման մասին՝ նշելով, որ այդ քայլին նպատակն է արձանագրել ԼՂ քաղաքացիներու «փախստական ըլլալու հանգամանքը, որպէսզի ե՛ւ տեղական, ե՛ւ միջազգային առումով անոնց իրաւունքները պաշտպանելու հնարաւորութիւնները աւելի ընդլայնուին»։

«Մեզ համար կարեւոր է եղել յանգել մի որոշման, որը առաւելագոյնս հնարաւորութիւն կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի մեր քոյրերի եւ եղբայրների բոլոր իրաւունքները պաշտպանել: Մարդկանց ժամանակաւոր պաշտպանութեան կարգավիճակ/փախստականի կարգավիճակ տալով, որով այդ թւում՝ նրանց գոյքային իրաւունքների հետագայ հետապնդման եւ պաշտպանութեան համար կը ստեղծուի իրաւական հիմք, որից յետոյ նրանք արագացուած կարգով կը ստանան ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ դիմելու պարագայում, որովհետեւ կարող է լինեն մարդիկ, որ չեն ուզում, եւ որից յետոյ այդ թոշակաւորման եւ մնացած այլ հարցերը շատ արագ կը լուծուեն», ըսած էր Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment