Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն Ու ԵՄ-ն Յանձնառու Կը Մնան Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման

ԱՄՆ-ն Ու ԵՄ-ն Յանձնառու Կը Մնան Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն, Ուրբաթ օր, Սպիտակ տան մէջ ընդունած է Եւրոմիութեան առաջնորդները՝ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վօն տեր Լեյենը։

ԱՄՆ-ԵՄ գագաթաժողովի մասին համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ նախկինին պէս յանձառու կը մնան՝ յառաջ մղելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու գործընթացը՝ հիմնուած միմեանց ինքնիշխանութիւնը, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը փոխադարձաբար ճանչնալու վրայ։

Ատրպէյճանին կոչ եղած է ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած կամ իրենց տուները վերադառնալու ցանկութիւն ունեցող մարդոց իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ Բոլոր կողմերուն կոչ եղած է ձեռնպահ մնալու ուժ կիրառելէ կամ ուժի դիմելու սպառնալիքներէն։

ԱՄՆ-ԵՄ համատեղ յայտարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ «Համաս»-ը եւ անոր դաժան ահաբեկչական յարձակումը Իսրայէլի վրայ։ «Ահաբեկչութիւնը որեւէ արդարացում չունի։ Մենք կը հաստատենք Իսրայէլի ինքնապաշտպանուելու իրաւունքը այդ նողկալի յարձակումներէն»,  նշուած է փաստաթուղթին մէջ։

Հանդիպման ընթացքին Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վօն տեր Լեյեն ըսած է, որ միասին կանգնած են Իսրայէլի կողքին՝ ընդդէմ ահաբեկչութեան, նշած է, որ պաղեստինցի ժողովուրդը եւս «Համաս»-ի զոհն է։ Շարլ Միշէլ ըսած է, որ կ’ուզեն խաղաղութեան գործընթաց՝ հիմնուած երկու պետութեան սկզբունքի վրայ։

ԱՄՆ նախագահը հանդիպման ընթացքին ըսած էր, որ Իսրայէլէն ու Եգիպտոսի նախագահէն հաւաստիացումներ ստացած է, որ մարդասիրական օգութեան համար Կազայի հատուածին անցակէտը պիտի բացուի, ըսած է, որ կը քննարկեն իրավիճակը Իսրայէլի եւ Ուքրանիոյ մէջ ու նաեւ տնտեսական հարցեր շօշափած է՝ առաջարկելով քննարկել մետաղի, ալիւմինիումի, օգտակար կարեւոր հանածոներու, անոր խօսքերով, «անարդար առեւտուրը»։

Նահանգները եւ Եւրոմիութիւնը Ռուսաստանին կոչ ըրած են դադրեցնելու դաժան պատերազմը եւ անյապաղ, ամբողջովին ու առանց վերապահումներու դուրս բերելու զօրքերը Ուքրանիոյ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքէն։

ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի առաջնորդները վերահաստատած են աջակցութիւնը Վրաստանի եւ Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութեան եւ անոնց եւրոպական ձգտումներուն։

Աղբիւր՝ azatutyun.am

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment