Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սպանիոյ Ծերակոյտը Միաձայն Ընդունած Է ԼՂ Հայութեան Դէմ Ատրպէյճանի Սանձազերծած Ռազմական Գործողութիւնները Դատապարտող Յայտարարութիւն

Սպանիոյ Ծերակոյտը Միաձայն Ընդունած Է ԼՂ Հայութեան Դէմ Ատրպէյճանի Սանձազերծած Ռազմական Գործողութիւնները Դատապարտող Յայտարարութիւն

by MassisPost

Սպանիոյ Ծերակոյտը ԼՂ հարցով յայտարարութիւն ընդունած է Սեպտեմբեր 19-ին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական գործողութիւններուն առնչութեամբ։ Civic.am-ի հարցումին ի պատասխան, Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սօս Աւետիսեանը պարզաբանեց, որ բնագիրը վաղուց ներկայացուած էր Ծերակոյտ` ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, սակայն քննարկումը բաւականին երկար տեւած է, այդ իսկ պատճառով այն նոր ընդունուած է։

Հոկտեմբեր 17-ին կայացած լիագումար նիստի ընթացքին Սպանիոյ Ծերակոյտը միաձայն ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները դատապարտող յայտարարութիւն, որուն մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի.

«Ի պատասխան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ռազմական գործողութեան, որ յանգեցուցած է հարիւրաւոր հայերու մահուան եւ հազարաւոր մարդոց զանգուածային գաղթի,

Ծերակոյտը՝

– Խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ իրականացուող անհիմն ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան:

– Կոչ կ’ընէ կողմերուն՝ վերականգնելու դիւանագիտական ուղիները եւ իր մերժումը կը յայտնէ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի զինադադարով եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի պարտադիր ուժ ունեցող որոշումներով ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու առնչութեամբ:

– Կը պահանջէ անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները՝ յիշեցնելով, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը վաւերացուցած է  ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին ՄԱԿ պայմանագիրը։

– Կը ցաւի եւ կը դատապարտէ մարդկային կեանքերու կորուստը եւ իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան եւ Սպանիոյ մէջ բնակող հայ համայնքին։

– Կ’ընդգծէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պատասխանատուութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու հարցով, եւ կը պահանջէ, որ անոնք թոյլ տան միջազգային դիտորդներու եւ մարդասիրական օգնութեան մուտքը տարածաշրջան։

– Հաշուի կ’առնէ եւ կ’աջակցի ԵՄ բարձր ներկայացուցիչի եւ Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչին ջանքերը՝ համարելով, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ եւ պէտք է նպաստէ հակամարտութեան բանակցային, համընդհանուր եւ տեւական լուծում գտնելուն։

– Կ’ողջունէ Զարգացման Միջազգային Համագործակցութեան Սպանական Գործակալութեան (AECID), ինչպէս նաեւ Սպանիոյ կառավարութեան կողմէ յատկացուած մարդասիրական օգնութիւնը՝ խրախուսելով կատարելու յաւելեալ ներդրումներ՝ տեղահանուած բնակչութեան կարիքները հոգալու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment