Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Գանատայի Վարիչ Մարմիները Կը Դատապարտեն ՀՅԴ-ի Արարքը

ՍԴՀԿ Գանատայի Վարիչ Մարմիները Կը Դատապարտեն ՀՅԴ-ի Արարքը

by MassisPost

Յանուն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի Վարիչ Մարմիններուն՝ կը դատապարտենք «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ 15 Հոկտեմբերին Թորոնթոյի մէջ կազմակերպուած տարեկան դրամահաւաքին ՀՅԴ-ի անդամներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ն.Գ. Անահիտ Յարութիւնեանի սրահ մուտքը արգիլելու անընդունելի արարքը:

Տասնամեակներէ ի վեր «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը հանդիսացած է աշխարհասփիւռ հայութիւնը միաւորող կառոյց մը՝ զերծ որեւէ քաղաքական կամ հատուածական նկատառումներէ: Այդ առումով, ինչպիսին ալ ըլլան մեր մօտեցումները Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն նկատմամբ, Հիմնադրամին ձեռնարկը պատեհ վայրը չէր քաղաքական կեցուածք արտայայտելու եւ Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչին նկատմամբ նման անյարգալիր վերաբերմունք ցուցաբերելու:

Բացի այդ, Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն աջակցելու համար կազմակերպուած այս միջոցառումը կոչուած էր պատգամ յղելու անոնց, որ համայն հայութիւնը, անկախ իր բնակութեան վայրէն, անվերապահօրէն նեցուկ կը կանգնի արցախահայութեան: Դժբախտաբար այս բոլորովին անտեղի եւ անիմաստ արարքը ստուերի տակ ձգեց այդ կարեւոր նախաձեռնութիւնը, փոխարէնը պատճառ դառնալով ակնկալուած եկամուտը ապահովելու ձախողութեան եւ գաղութէն ներս ստեղծելով անհարկի լարուածութիւն ու պառակտում, երբ այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ըլլալ համախմբուած ու միասնական:

Միւս կողմէ բարձր կը գնահատենք դեսպանին խիզախ եւ արժանավայել պահուածքը միջադէպին ընթացքին եւ կը մաղթենք անոր արգասաբեր գործունէութիւն եւ յաջողութիւն՝ ի շահ մայր հայրենիք Հայաստանի:

ՍԴՀԿ Թորոնթոյի Վարիչ մարմին
ՍԴՀԿ Մոնրէալի Վարիչ մարմին
18 Հոկտեմբեր 2023

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment