Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Եւրոպայի Խորհուրդի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչը

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Եւրոպայի Խորհուրդի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպայի Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչը:

Զրուցակիցները քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով 100 հազարէ աւելի մեր հայրենակիցներու բռնի տեղահանութեան հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը, միջազգային հանրութեան կողմէ օժանդակութեան հետագայ քայլերը:

Վարչապետը ողջունած է տիկին Միյաթովիչի այցը եւ վստահութիւն յայտնած է, որ այն պիտի նպաստէ ծանօթանալու ստեղծուած մարտահրաւէրներուն եւ խնդիրներուն:

Տունիա Միյաթովիչը յաւելած է, որ իր նպատակն է գնահատել առկայ կարիքները, այդ շարքին` Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու ապահովման հետ կապուած:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու, երկկողմ հետագայ համագործակցութեան շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment