Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լեւոն Քոչարեանի Կալանքի Ժամկէտը Երկարացնելու Միջնորդութիւն Ներկայացուած Է

Լեւոն Քոչարեանի Կալանքի Ժամկէտը Երկարացնելու Միջնորդութիւն Ներկայացուած Է

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեանի որդիին՝ Լեւոն Քոչարեանի կալանքի ժամկէտը երկարացնելու միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան։ Այս մասին ըսաւ Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը։

Յիշեցնենք, որ Քոչարեան կը մեղադրուի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Սեպտեմբեր 19-էն մեկնարկած բողոքի գործողութիւններուն ժամանակ իշխանութեան ներկայացուցիչ հանդիսացող ոստիկաններու նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու մէջ։ Ան մեղադրանքը չ’ընդունիր, աւելին՝ կը պնդէ, որ ոստիկանները իր նկատմամբ բռնութիւն գործադրած են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment