Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հռոմի Պապը Հանդէս Եկած Է Ի Պաշտպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Վանքերուն

Հռոմի Պապը Հանդէս Եկած Է Ի Պաշտպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Վանքերուն

by MassisPost

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը կոչ ըրած է պաշտպանելու եւ յարգելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վանքերը եւ կրօնական պաշտամունքի վայրերը։

«Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամին վերաբերեալ իմ մտահոգութիւնս չէ նուազած: Բացի փախստականներու մարդասիրական ծանր վիճակէն, ես կը փափաքէի այս տարածաշրջանին մէջ վանքերու եւ աղօթատեղիներու պաշտպանութեան յատուկ կոչ ընել», ըսած է ան Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։

«Յոյսով եմ, որ անոնք կը յարգուին եւ կը պաշտպանուին որպէս տեղի մշակոյթի մաս, հաւատքի արտայայտութիւն եւ եղբայրութեան նշան, որ հնարաւոր կը դարձնէ միասին ապրիլը՝ անկախ տարաձայնութիւններէն», ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment