Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տիգրան Աւինեանը Երդմամբ Ստանձնեց Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնը

Տիգրան Աւինեանը Երդմամբ Ստանձնեց Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնը

by MassisPost

Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ նորընտիր քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը։

Քաղաքապետի երդմնակալութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի աւագանիի յատուկ նիստի ընթացքին։

Արարողութեան մեկնարկին հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը, որմէ յետոյ ներս բերուեցաւ Երեւան քաղաքի խորհրդանիշեր հանդիսացող դրօշը եւ զինանշանը, «Երեւան քաղաքում տեղական ինքնակառավարման մասին» ՀՀ օրէնքը եւ Երեւանի քաղաքապետի խորհրդանիշ հանդիսացող լանջաշղթան։

Երեւանի նորընտիր քաղաքապետի երդմնակալութեան համար դահլիճ բերուած էր Ք.Ա. 782 թուականով թուագրուած Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման սեպագիր արձանագրութիւնը, որուն վրայ ալ ձեռքը դնելով՝ երդուեցաւ Տիգրան Աւինեանը։

«Ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը՝ երդւում եմ՝

Երեւանի քաղաքապետի լիազօրութիւնները իրականացնելու ընթացքում պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը, օրէնքները, աւագանու որոշումները, ազնուօրէն եւ բարեխղճօրէն կատարել Երեւանի քաղաքապետի լիազօրութիւնները, ծառայել Երեւանի բարգաւաճմանը, գործել ի բարօրութիւն նրա բնակիչների։

Պարտաւորւում եմ՝

հոգ տանել մեր հնագոյն մայրաքաղաքի հարկի պահպանման եւ բազմապատկման համար, պաշտպանել համայնքի իրաւունքները, օրինական շահերը եւ սեփականութիւնը, ուժերիս անմնացորդ նուիրումով սատարել ժողովրդի հաւատին, նպաստել նրա նիւթական եւ հոգեւոր վերելքին, աջակից լինել ամէն մի ազնիւ նախաձեռնութեան, որ միտուած կը լինի իմ համաքաղաքացիների նուիրական գաղափարների իրականացմանը», երդման գիրը ընթերցեց Երեւանի նորընտիր քաղաքապետը։

Երեւանի քաղաքապետի երդմնակալութեան արարողութեան կը մասնակցէին Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, պաշտօնատար այլ անձեր։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment