Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2023-ի Յունուար-Օգոստոսին Նախորդ Երկու Տարիներու Նոյն Ժամանակաշրջանին Համեմատ Աւելի Շատ Մարդ Ծնած Է Եւ Աւելի Քիչ Մարդ Մահացած է

2023-ի Յունուար-Օգոստոսին Նախորդ Երկու Տարիներու Նոյն Ժամանակաշրջանին Համեմատ Աւելի Շատ Մարդ Ծնած Է Եւ Աւելի Քիչ Մարդ Մահացած է

by MassisPost

Վիճակագրական Կոմիտէն ամփոփած է 2023թ. Յունուար-Օգոստոս ամիսներու կտրուածքով հիմնական ժողովրդագրական ցուցանիշերը։ 2023թ. Յունուար-Օգոստոսին, ըստ ՎԿ հրապարակուած տեղեկանքին,   կենսունակութեան գործակիցը՝ ծնածներու եւ մահացածներու յարաբերակցութիւնը, կազմած է 143.6%, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին արձանագրուած 124.6 %-ի համեմատ: 2023թ․ հաշուետու ժամանակաշրջանին ծնած է 23 հազար 551 մարդ։ Համեմատութեան համար նշենք, որ  2022-ի նոյն ժամանակահատուածին ծնած է  23 հազար 478, իսկ 2021-ին՝  22 հազար 986 մարդ։ Յունուար-Օգոստոսին մահացած է աւելի քիչ մարդ՝ 16 հազար 401, քան  նախորդ երկու տարիներու վերոյիշեալ  ամիսներուն՝ 2022-ին մահացածներու թիւը  18 հազար  441 մարդ էր, 2021-ին՝  20 հազար 841 մարդ։ Բնական յաւելաճը հաշուետու ժամանակաշրջանին 2021-ի համեմատ կազմած է 2,7 անգամ, 2022-ի համեմատ՝ 1,6 անգամ։

Յունուար-Օգոստոսին ամուսնութեան աւելի քիչ դէպք արձանագրուած է՝ 10 հազար 691, քան նախորդ տարիներուն։ Մասնաւորապէս 2022-ի նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած է ամուսնութեան 10 հազար 880, իսկ 2021-ին՝ 11 հազար 262 դէպք։ 2022-ի համեմատ նուազած է ամուսնալուծութիւններուն թիւը՝ 2.949 դէպք՝ 2022-ի 2.981 դէպքի դիմաց։ 2021-ին, նշենք, արձանագրուած էր ամուսնալուծութեան 2.891 դէպք։

Նշենք, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին  նախորդ տարուան համեմատ արձանագրուած է նորագոյացութիւններէն մահացութեան 7-ով պակաս՝  3.430 դէպք։ Յունուար-Օգոստոսին արձանագրուած է Քովիտի  հետեւանքվ մահացութեան մրցանշային ցած ցուցանիշ՝ 37 դէպք՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին արձանագրուած 726 դէպքի դիմաց։ Արեան շրջանառութեան համակարգի հիւանդութիւններէն մահուան դէպքերը նոյնպէս նախորդ տարուան համեմատ նուազած են՝ հաշուետու ժամանակշրջանին արձանագրուած է 8 հազար 730 դէպք՝ նախորդ տարուան 10 հազար 44 դէպքի դիմաց։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment