Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Լեռնային Ղարաբաղի Երեք Նախկին Նախագահները Հոկտեմբեր 2-ի Ժամը 12-ի Դրութեամբ Գտնուած Են Ստեփանակերտի Մէջ»․ ԹԱՍՍ

«Լեռնային Ղարաբաղի Երեք Նախկին Նախագահները Հոկտեմբեր 2-ի Ժամը 12-ի Դրութեամբ Գտնուած Են Ստեփանակերտի Մէջ»․ ԹԱՍՍ

by MassisPost

«ԹԱՍՍ» ռուսաստանեան լրատուական գհործակալութեան փոխանցմամբ, չճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը չեն լքած Ստեփանակերտը, եւ անոնց խնդիրին վերաբերեալ բանակցութիւններ կ’ընթանան։ Այս մասին «ԹԱՍՍ»-ին յայտնած է աղբիւր մը Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարներու մերձաւոր շրջապատէն:

«Երեք նախկին ղեկավարներն ալ Մոսկուայի ժամանակով ժամը 11:00-ի (Երեւանի ժամանակով 12:00) դրութեամբ կը գտնուին Ստեփանակերտի մէջ, կ’ընթանան բանակցութիւններ ատրպէյհանական կողմին հետ», ըսած է աղբիւրը։

Ըստ «ԹԱՍՍ»-ի, այդ բանակցութիւններուն վերաբերեալ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ առայժմ որեւէ մեկնաբանութիւն չկայ։

Ստեփանակերտի մրջ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայիս ղեկավար Սամուէլ Շահրամանեանը։ Ինչպէս հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը, ան խումբ մը պատասխանատուներու հետ պիտի մնայ Ստեփանակերտի մէջ մինչեւ ռազմական գործողութիւններու եւ կազի պահեստի պայթումին հետեւանքով զոհուածներու եւ անհետ կորսուածներու որոնողական աշխատանքներուն աւարտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment