Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Քննարկում

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Քննարկում

by MassisPost

Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդին մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով քննարկում:

Ելոյթներով հանդէս եկան Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Պրազիլիոյ, Էքուատորի, Ալպանիոյ, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան բարձր ներկայացուցիչը:

Գրեթէ բոլոր բանախօսները դատապարտեցին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումը եւ կոչ ըրին բանալու Լաչինի միջանցքը:

Անոնք ի գիտութիւն ընդունեցին զինադադարի մասին հաղորդագրութիւնը եւ ընդհանուր առմամբ ողջունեցին Եվլախի մէջ Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման փաստը:

Բոլոր բանախօսները ընդգծեցին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքները՝ ներառեալ իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռուսաստանի ներկայացուցիչ, ՄԱԿ-ի մէջ փոխդեսպան Տմիթրի Փոլիանսքին պատմեց ռուս խաղաղապահներու ծառայութեան մասին, նշելով որ անոնց շարքերուն մէջ կան զոհեր, իսկ խօսելով հարցի քաղաքական կողմին մասին, յիշեցուց, որ Հայաստանը ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան իր ուղերձին մէջ նշեց, որ Ատրպէյճանի նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտում իրականացնելն է: Ան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն՝ կանանց եւ տղամարդոց, տարեցներու, կանանց եւ երեխաներու ծանրագոյն կացութիւնը:

Անոր փոխանցմամբ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը եւ միջազգային համայնքը ժամանակին միջոցներ չեն ձեռնարկած Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան սպառնացող ողբերգութիւնը կանխելու համար, թէպէտ Հայաստանը բազմիցս ահազանգած է այդ մասին: Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստորաբաժանումներ չէ ունեցած:

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով հերքեց հայ պաշտօնակիցին եւ միւս բանախօսներուն կողմէ Ատրպէյճանի հասցէին հնչեցուած մեղադրանքները եւ պնդեց, որ Հայաստանը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը:

Ան նաեւ յիշեցուց, որ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ ձեռք բերուած զինադադարի մասին յայտարարութեան մէջ կը նշուի «Ատրպէյճանէն հայկական ստորաբաժանումները դուրս բերելու» դրոյթը, ինչ որ, ըստ Պայրամովի, կ’ապացուցէ, որ «Ղարաբաղի մէջ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ մնացած են հայ զինուորներ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար Պուրաք Աքչափարը անվերապահօրէն սատարեց Պայրամովին, խօսեցաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ը բանալու անհրաժեշտութեան մասին, ըսաւ որ Ատրպէյճանը պարտադրուած էր «հակահաբեկչական գործողութիւն» կատարել, եւ աւելցուց, որ հիմա վերստին ստեղծուած է խաղաղութիւն հաստատելու հնարաւորութիւն, որ Հայաստանը պէտք չէ բաց թողէ:

ԵՄ բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել իր համերաշխութիւնը յայտնեց արցախահայերուն, Ատրպէյճանին կոչ ըրաւ բանալու Լաչինի միջանցքը, յարգելու արցախահայութեան իրաւունքները: Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է վերականգնել հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացը:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստի աւարտին որեւէ յայտարարութիւն կամ բանաձեւ չընդունուեցաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment