Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իրանի Նախագահը Յայտնած Է Հայերու Իրաւունքներու Եւ Սահմաններու Անձեռնմխելիութեան Մասին

Իրանի Նախագահը Յայտնած Է Հայերու Իրաւունքներու Եւ Սահմաններու Անձեռնմխելիութեան Մասին

by MassisPost

Հայերուն իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին, իսկ տարածաշրջանին մէջ սահմանները պէտք է ըլլան անձեռնմխելի: Թեհրանին մէջ կայացած զօրահանդէսի ժամանակ այս մասին յայտնած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։

Ինչպէս նշած է Ռայիսին, երկրին զինուած ուժերը կրնան կանխարգիլել աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն եւ կանխել սահմաններու փոփոխութիւնները։ Ան յաւելած է, որ տարածաշրջանին մէջ օտար ուժերու ներկայութիւնը անցանկալի է։

Ամէն տարի Թեհրանի մէջ տեծի կ’ունենայ մեծ զօրահանդէս «Սրբազան պաշտպանութեան շաբթուան» առնչութեամբ՝ ի յիշատակ 1980-1988 թուականներու Իրանա-իրաքեան պատերազմին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment