Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հունգարիան Վեթօ Դրած Է ԼՂ-ի Իրավիճակին Վերաբերեալ ԵՄ Երկիրներու Համատեղ Յայտարարութեան Վրայ

Հունգարիան Վեթօ Դրած Է ԼՂ-ի Իրավիճակին Վերաբերեալ ԵՄ Երկիրներու Համատեղ Յայտարարութեան Վրայ

by MassisPost

Հունգարիան վեթօ դրած է Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին վերաբերեալ Եւրոմիութեան երկիրներու համատեղ յայտարարութեան վրայ, կը հաղորդեն եւրոպական դիւանագիտական աղբիւրները։

Ինչպէս կը նշուի, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին վերաբերեալ ի սկզբանէ պէտք է ըլլար ԵՄ բոլոր 27 երկիրներու համատեղ յայտարարութիւնը, սակայն Հունգարիան վեթօ դրած է անոր վրայ։

Պորելի յայտարարութեան մէջ կը դատապարտուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment