Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոխորհրդարանի Աւելի Քան 60 Պատգամաւոր Կը Պահանջէ Պատժամիջոցներ Կիրառել Ալիեւի Դէմ

Եւրոխորհրդարանի Աւելի Քան 60 Պատգամաւոր Կը Պահանջէ Պատժամիջոցներ Կիրառել Ալիեւի Դէմ

by MassisPost

Եւրոխորհրդարանի աւելի քան 60 պատգամաւոր միացած է ֆրանսացի եւրոպատգամավոր Նաթալի Լուազոյի՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ պատժամիջոցներ մտցնելու պահանջին։

«Եւրոխորհրդարանի աւելի քան 60 պատգամաւոր միացած է ինծի եւ կը պահանջէ, որպէսզի Եւրոպան պատժամիջոցներ մտցնէ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին դէմ Լեռնային Ղաաբաղի հայ բնակչութեան դէմ անոր յարձակման համար», գրած է Լուազօն X-ի իր էջով։

ԵՄ արտաքին քաղաքական ծառայութեան ուղղուած իր հարցումին մէջ Լուազօն եւ միւս եւրոխորհրդարանականները ԵՄ-ին կոչ կ’ընեն գործելու, որպէսզի կանգնեցնեն արցախահայերուն ցեղային զտումը եւ կանխեն յարձակումը, որ կրնար նոր պատերազմի վերածուիլ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment