Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Ձեռնարկել է Լայնածաւալ Յարձակում Արցախի Դէմ. Հայկական Կողմը Ունի 25 Զոհ

Ատրպէյճանը Ձեռնարկել է Լայնածաւալ Յարձակում Արցախի Դէմ. Հայկական Կողմը Ունի 25 Զոհ

Ատրպէյճանի Թիրախը Եւ Նպատակը Հայաստանը Ռազմական Գործողութեան Մէջ Ներքաշելն Է. Փաշինեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  յայտարարած է, որ Ղարաբաղի մէջ «հակաահաբեկչական գործողութիւններ» կը սկսկի, այդ շարքին՝ «վերականգնելու Ատրպէյճանի հանրապետութեան սահմանադրական կարգը»։

Առաւօտեան Պաքուն նախ Պաշտպանութեան բանակը մեղադրեց սադրիչ գործողութիւններ իրականացնելու համար, որուն հետեւանքով երկու տարբեր պայթումներէ իբր 6 ատրպէյճանցի զոհուած է, ապա յայտարարեց Ղարաբաղի մէջ «հակաահաբեկչական գործողութիւններու» մեկնարկի մասին։

«Ղարաբաղի տնտեսական տարածաշրջանին մէջ լայնածաւալ սադրանքները ճնշելու, հայկական զինուած ուժերու զինաթափումն ու մեր տարածքներէն դուրսբերումը, ռազմական ենթակառուցուածքները չէզոքացնելու, բռնագրաւումէն ազատագրուած տարածքներ վերադարձող քաղաքացիական բնակչութեան, շինարարական վերականգնողական աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած քաղաքացիական ծառայողներու եւ մեր զինուորականներու անվտանգութիւնն ապահովելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հանրապետութեան սահմանադրական կարգը վերականգնելու նպատակով, տարածաշրջանին մէջ սկսոած են տեղական բնոյթի հակաահաբեկչական միջոցառումներ», ըսուած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Պաքուն կը նշէ, որ ատրպէյճանական կողմը իր գործողութիւններուն մասին տեղեկացուցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը եւ թուրք-ռուսական դիտորդական կեդրոնին ղեկավարութիւնը։

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ, իր հերթին, յայտնած է, որ Ղարաբաղի հայերուն ուղարկուած են SMS հաղորդագրութիւններ՝ նախազգուշացնելով հակաահաբեկչական գործողութիւններու մասին։

«Հաղորդագրութիւններուն մէջ հայերուն կը յորդորուէր հեռու մնալ ռազմական կառոյցներէ», ըսած է Հաճիեւ։

Սեպտեմբեր 19֊ին ժամը 13֊ի սահմաններուն ատրպէյճանական զինուժը շփման գիծի ամբողջ երկայնքով իրականացնելով հրթիռահրետանային նախապատրաստութիւն կը փորձէ յառաջանալ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի պաշտպանութեան խորքը, հաղորդած է Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գերատեսչութիւնը:

«Իւրային զօրքերը ցուցաբերում են յամառ դիմադրութիւն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան՝  հաւաքագրուած տուեալներուն համաձայն՝ կայ առնուազն 25 զոհ, այդ շարքին՝ մէկ երեխայ եւ 128 վիրաւոր, այդ շարքին՝ 11 երեխայ։
Ղարաբաղեան կողմը դիմած է ատրպէյճանական կողմին՝ անյապաղ դադրեցնելու կրակը եւ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու նպատակով նստելու բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

Ռուսաստանը հակամարտող կողմերուն կոչ ըրած է դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը Ղարաբաղի մէջ եւ վերադառնալու դիւանագիտական կարգաւորման, յայտնած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակը։

Մարիա Զախարովան պնդած է, թէ չնայած իրավիճակի սրման՝ Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն իրենց գործառոյթները։ Խաղաղապահ առաքելութիւնը մինչ այս պահը որեւէ կերպ չէ արձագանգած Ատրպէյճանի սկսած «հակաահաբեկչական գործողութեան ու բուռն կրակահերթերուն»։

Ատրպէյճանի Թիրախը Եւ Նպատակը Հայաստանը Ռազմական Գործողութեան Մէջ Ներքաշելն Է. Փաշինեան

Ատրպէյճանի թիրախը եւ նպատակը ՀՀ-ն ռազմական գործողութեան մէջ ներքաշելն է, յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«ՀՀ սահմանների երկայնքով իրադրութիւնն այս պահին կայուն է յարաբերականօրէն, բայց ընդգծում եմ՝ այս գործողութեան հիմնական թիրախը եւ նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեանը ռազմական գործողութեան մէջ ներքաշելն է», նշեց Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ ՀՀ-ն ռազմական գործողութիւններուն մէջ ներքաշուած չէ։

Փաշինեան նշեց նաեւ, որ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանակ չունի:
Ատրպէյճանի զինուած ուժերը սկսած են Լեռնային Ղարաբաղի, ըստ էութեան, ամբողջ տարածքի հրետակոծութիւնը: Եւ որոշ ժամանակ անց սկսած են նաեւ գործողութիւն Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծը խախտելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դիրքեր եւ որոշ տեղեկութիւններու համաձայն՝ նաեւ բնակավայրեր վերահսկողութեան տակ առնելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի վարչապետը ընդգծեց. «Տարօրինակ եւ տարակուսելի էր տեղեկութիւնը, որ Ատրպէյճանը այդ գործողութիւնների մեկնարկի մասին պաշտօնապէս տեղեակ է պահել Ռուսաստանի Դաշնութեանը: Ի հարկէ, սա Ատրպէյճանի վարկածն է, սակայն փաստն այն է, որ մենք գոնէ այդ գործողութեան մասին Ռուսաստանի մեր գործընկերներից որեւէ տեղեկատուութիւն չենք ստացել»:

Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ այսպիսով Ատրպէյճանը մեկնարկած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ցեղային զտումներու ենթարկելու ցամաքային գործողութիւնը:

«Մենք կարծում ենք, որ առաջինը Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերը պէտք է միջոցներ ձեռնարկեն, եւ երկրորդը՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը նոյնպէս ակնկալում ենք, որ միջոցներ ձեռնարկի»: Եւ նաեւ մեր հանրութեան ուշադրութիւնը կ’ուզեմ հրաւիրել ներքին եւ արտաքին շարք մը ուժերու վրայ, որոնք անպայմանօրէն կ’ուզեն, որ Հայաստանը ներքաշեն  լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մէջ: Այդ տեսանելի է, եւ մենք մեր դիրքորոշմամբ կ’արձանագրենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ռազմական մագլցումի մէջ ներքաշելու փորձերը մեզի համար անընդունելի են եւ մենք պիտի կառավարենք այս գործընթացը, ինչքան ալ կը հասկնանք, սիրելի ժողովուրդ, այս իրադրութեան մէջ մեր բոլորին զգացողութիւններուն զգացական եւ բազմաթիւ այլ խնդիրներ: Բայց մենք պէտք չէ հնարաւորութիւն տանք, որ որոշ մարդիկ, որոշ ուժեր՝ արտաքին, նաեւ ներքին, Հայաստանի պետականութիւնը դնեն հարուածի տակ: Ցաւօք պիտի արձանագրեմ, որ, ինչպէս եւ կը սպասուէր, հիմա արդէն տարբեր տեղերէ կը հնչեն, ընդհուպ Հայաստանի մէջ յեղաշրջում իրականացնելու կոչեր

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment