Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փարիզ Կը Դատապարտէ Պաքուն, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Հրատապ Նիստ Կը Պահանջէ

Փարիզ Կը Դատապարտէ Պաքուն, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Հրատապ Նիստ Կը Պահանջէ

by MassisPost

Ֆրանսան մեծագոյն վճռականութեամբ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութեան սանձազերծումը՝ ծանր զինատեսակներու կիրառմամբ, այդ շարքին՝ բնակեցուած գօտիներու դէմ:

«Որեւէ պատրուակ չի կրնար արդարացնել նման միակողմանի գործողութիւնը, որ կը սպառնայ հազարաւոր քաղաքացիական անձերու՝ արդէն իսկ տուժած ամիսներ շարունակուած ապօրինի շրջափակումէ, եւ կը հակասէ բանակցային կարգաւորման հասնելու ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան գործադրած ջանքերուն», կը յայտարարէ Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Ֆրանսան Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ անյապաղ դադրեցնելու յարձակումը եւ յարգելու միջազգային իրաւունքը: Պաշտօնական Փարիզը կը շեշտէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան ճակատագրին համար միակ պատասխանատուն է պիտի համարէ Ատրպէյճանը:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մշտական անդամ Ֆրանսան կը պահանջէ հրատապ Խորհուրդի նիստ հրաւիրել, ըսուած է յայտարարութեան մէջ: Պաշտօնական Փարիզը կը նշէ, որ «սերտօրէն կը համագործակցի եւրոպացի եւ ամերիկացի գործընկերներուն հետ, որպէսզի ուժեղ պատասխան տրուի այս անընդունելի յարձակման, որ կը սպառնայ տարածաշրջանի անվտանգութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment