Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀՀ Նորանշանակ Աւագ Հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեանը Այցելեց ՍԴՀԿ Կեդրոն

ՀՀ Նորանշանակ Աւագ Հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեանը Այցելեց ՍԴՀԿ Կեդրոն

by MassisPost

Պաշտօնի ստանցման առիթով իր ունեցած հանդիպումներու շարքին, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13-ի երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան  Լոս Անճելըսի մէջ աւագ հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեան, ընկերակցութեամբ՝ խորհրդական Կարեն Յովհաննիսեանի, այցելեց ՍԴՀԿ Փասատինայի կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի  Վարիչ Մարմնի անդամներուն կողմէ:

Ծանօթացման մտերմիկ հանդիպման սկիզբը Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Վազգէն Խոտանեան ողջունեց ու շնորհաւորեց փորձառու դիւանագէտի պաշտօնի կոչուիլը՝ հայահոծ  ու կարեւոր այս քաղաքէն ներս եւ խոստացաւ Կուսակցութեան  անվերապահ աջակցութիւնն  ու համագործակցութիւնը Հիւպատոսութեան հետ՝ ի նպաստ Մայր Հայրենիքին ու Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:

Հիւպատոս Իսրայէլեան շնորհակալութիւն յատնեց ջերմ ընդունելութեան համար՝ բարձր գնահատելով ՍԴՀԿ-ի կառուցողական դիրքորոշումը Հայրենիքի նկատմամբ: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց իր դիւանագիտական գործունէութիւնը Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Պարսկաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ իր գիտական մասնագիտութիւնը արեւելագիտութեան ու Պարսկական լեզուի մէջ:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ Համբիկ Սարաֆեան ներկայացուց կուսակցութեան սկզբունքային դիրքորոշումները հայրենիքի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ, որոնց մասին Հնչակեան ներկայացուցիչները շարունակաբար կը խօսին իրենց հրապարակային ելոյթներու ընթացքին: Ընկ. Սարաֆեան կարեւոր նկատեց ներքին մեր միասնականութիւնը այս հանգրուանին, երբ վտանգուած են Հայաստանի սահմանները ու  Արցախը կը գտնուի շրջափակման մէջ:

Հանդիպումի աւարտին ժողովականները տեղափոխուեցան   ՀԿԲՄ-ի սրահը, ուր համախմբուած էին  ՍԴՀԿ հովանաւորութեան տակ գործող տարբեր միաւորներու եւ կառոյցներու ղեկավարները:

Յարգելի Հիւպատոսը առիթ ունեցաւ ծանօթանալու Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի, Կայծ Երիտասարդական Միութեան, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան, Հայ Մարմնամարզական Միութեան, Տիկնանց Միութեան եւ Ընկերային Դիւանի ներկայացուցիչներուն:  Ան նշմարեց ու գնահատեց մեծ թիւով երիտասարդներու ներկայութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ու արտասանուեցան  բաժակաճառեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment