Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրէն Պապիկեանը Եւ Հիւրերը Դիտարկած Են «Արծիւ Գործընկեր-2023» Հայ-Ամերիկեան Զօրավարժութեան Ընթացքը

Սուրէն Պապիկեանը Եւ Հիւրերը Դիտարկած Են «Արծիւ Գործընկեր-2023» Հայ-Ամերիկեան Զօրավարժութեան Ընթացքը

by MassisPost

Սեպտեմբեր 15-ին Պաշտպանութեան Նախարարութեան խաղաղապահ գումարտակի «Զառ» ուսումնական կեդրոնին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվինի, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանի, ԱՄՆ ցամաքային ուժերու Եւրոպայի եւ Ափրիկրի հրամանատարութեան շտաբի պետի տեղակալ, գումարտակային զօրավար Փաթրիք Էլիսի, 10-րդ լեռնային բաժանմունքի հրամանատար, զօրավար-մայոր Կրեկորի Անտըրստնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ ռազմական կցորդներու եւ ներկայացուցիչներու հետ դիտարկած է միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ մասնակցութեան նախապատրաստման շրջանակին տեղի ունեցող «Արծիւ Գործընկեր-2023» հայ-ամերիկեան զօրավարժութեան ընթացքը:

Հրաւիրեալները հետեւած են գործնական վարժանքի աշխոյժ փուլին:

Այնուհետեւ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարին եւ հիւրերուն ներկայացուած են զօրավարժութեան կառավարման կեդրոնը, վերազինուած լսարանները, ուր կը մշակուին սենարները ու կը կայացուին որոշումները:

Այցի աւարտին խաղաղապահ գումարտակի հրամանատարը քննարկումներու սրահին մէջ ներկայացուցած է ՀՀ զինուած ուժերու խաղաղապահ զօրքերուն մասնակցութիւնը շարք մը երկիրներու մէջ խաղաղարար առաքելութիւն իրականացնելու ժամանակ` ընդգծելով, որ այդ տեղամասերուն մէջ մեծ է համագործակցութիւնը ամերիկեան բանակի խաղաղապահներուն հետ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment