Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքը Պէտք Է Բացուի Հիմա, ԱՄՆ Պիտի Չհանդուրժէ Որեւէ Յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդին Վրայ. Պետական Քարտուղարութեան Պաշտօնեայ

Լաչինի Միջանցքը Պէտք Է Բացուի Հիմա, ԱՄՆ Պիտի Չհանդուրժէ Որեւէ Յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդին Վրայ. Պետական Քարտուղարութեան Պաշտօնեայ

by MassisPost

Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի հիմա՛, հիմա՛, ո՛չ թէ յետոյ, այս հարցով ձգձգում պէտք չէ ըլլայ, ԱՄՆ Ծըրակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին մէջ տեղի ունեցող լսումներուն ժամանակ այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմը՝ անդրադառնալով Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական ծանր իրավիճակին։

Յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Պոպ Մենենտեսը Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչին ուղղուած հարցումին մէջ ընդգծեց, որ Ատրպէյճանը զօրքեր կը կուտակէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հետ սահմանին եւ հետաքրքրուեցաւ՝ արդեօ՞ք կարելի է նման իրավիճակի մէջ լուծում գտնելու ցանկութեան մասին Ալիեւի կատարած յայտարարութիւնները լուրջ ընդունիլ։

«Մտավախութիւն ունիմ, որ մենք այդքան հրատապ չենք համարեր կատարուողը, եւ կառավարութիւնը միասնական մօտեցում չի դրսեւորեր Ալիեւին ճնշելու համար։ Պետական Քարտուղարութիւնը ի՞նչ կ’ընէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն եւ Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական յարձակումը կանխելու համար։ Արդեօ՞ք Ալիեւին ըսած էք, որ զերծ մնայ նման քայլէ, սպառնացա՞ծ էք անոր պատժամիջոցներով, Սպիտակ Տունն ու Անվտանգութեան Խորհուրդը ըրա՞ծ են այդ, Փենթակոնը ատրպէյճանցի զինուորականներուն յորդորա՞ծ է զերծ մնալ այդ քայլէն», հետաքրքրուեցաւ Մենենտեսը։

Քիմը ի պատասխան նշեց, որ նախորդ շաբաթներուն Պետական Քարտուղարութիւնը բազմաթիւ հեռախօսազրոյցներ, հանդիպումներ ու այցեր նախաձեռնած է՝ կողմերուն յղելու հետեւեալ պարզ ուղերձները․

«Առաջին՝ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի հիմ՛ա, հիմա՛, ո՛չ թէ յետոյ, ձգձգում պէտք չէ ըլլայ։ Երկրորդ՝ մենք չենք հանդուրժեր որեւէ ռազմական գործողութիւն ու յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ, սա շատ յստակ է։ Պատերազմը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ աւարտած չէ, ինչ որ հրատապութիւն կը հաղորդէ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած մեր ջանքերուն։ Սպիտակ Տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէք Սալիվան ամիսներ առաջ հիւրընկալած էր երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները Ուաշինկթընի մէջ, պետական քարտուղար Պլինքըն վերջին շաբաթներուն քանի մը հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, ես հեռախօսազրոյցներ ունեցած եմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ, որպէսզի տեղ հասցուին այս ուղերձները։ Կը կարծեմ, որ կը սկսինք որոշակի տեղաշարժ նկատել, բայց մենք չեն պատրաստուիր դադրեցնելու մեր ջանքերը», յայտնած է Քիմ՝ շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պիտի չդադրեցնէ ջանքերը, մինչեւ իսկապէս իրական արդիւնքներ տեսնէ։

Ամերիկացի դիւանագէտը անդրադարձած է օրեր առաջ Աղտամի ճանապարհով ռուսական մարդասիրական բեռի մուտքին Արցախ եւ նշած է, որ յաջողած է միջազգային գործընկերներուն հետ աշխատանքին շնորհիւ հնարաւոր դարձնել առաջին բեռնատարի մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ։

«Շեշտեմ, որ այո՛, այդ ռուսական բեռնատար եղած է, բայց երբ հիմա այս ուղղութեամբ երթեւեկութիւն կայ, Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը, ըստ առկայ պայմանաւորուածութեան, պէտք է վերականգնուի։ Կը կարծեմ, որ մենք բոլորս կ’ողջունենք, որ մէկ բեռնատար անցած է Աղտամով, բայց կը կարծեմ, որ բոլորս պիտի համաձայնինք, որ այդ բաւարար չէ․ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի։ Այլ ճանապարհներ կրնան օգտագործուիլ, բայց Լաչինի միջանցքը պէտ՛ք է բացուի։ Սա սակարկման ենթակայ չէ», ըսած է Քիմ։

Ի պատասխան՝ Մենենտես յոյս հատնեց, որ Միացեալ Նահանգներու աչքին առջեւ Ատրպէյճանը ցեղային զտում չի կատարեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

«Յոյս ունիմ, որ իմ անունով կը փոխանցէք պետական քարտուղարին, որ ես չեմ ուզեր տեսնել, թէ ինչպէս այս վարչակազմը թոյլ կու տայ, որ իրենց աչքին առջեւ ցեղային զտում տեղի ունենայ։ Ես նախորդ լսումներուն ժամանակ բարձրացուցած եմ այս հարցը, այդ ամիսներ առաջ էր, ես ըսի, որ մարդիկ կը մահանան, եւ պատասխան ստացայ, թէ վստահ չէք անոր մէջ։ Ես չեմ գիտեր, թէ դեռ քանի հոգի պիտի մահանան։ Ես կ’ակնկալեմ, որ այս անգամ ալ չէք շրջանցեր 907-րդ բանաձեւը: Անով մենք միայն կը քաջալերենք Ալիեւին, ուղերձ կը յղենք, որ ամէն ինչ բնական է, իսկ այդ սխալ ուղերձ է», յայտնեց ծերակուտականը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment