Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Այդ Գործընթացը Կապուած Է «Շարք Մը Զգայուն Հարցերու» Հետ. ԵՄ-ն՝ Աղտամով ԼՂ Ռուսական Մարդասիրական Բեռներու Առաքման Մասին

Այդ Գործընթացը Կապուած Է «Շարք Մը Զգայուն Հարցերու» Հետ. ԵՄ-ն՝ Աղտամով ԼՂ Ռուսական Մարդասիրական Բեռներու Առաքման Մասին

by MassisPost

Աղտամ-Ասկերան ճանապարհի բացումը պէտք է ըլլայ քայլ, որ պէտք է օգնէ Լաչինի միջանցքի բացման: Այս մասին կ’ըսուի Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի պաշտօնական ներկայացուցիչ Քեթրին Քասինճէի յայտարարութեան մէջ։

Երեքշաբթի օրը Ասկերանով Ստեփանակերտ ժամանած է ռուսական Կարմիր Խաչի բեռնատարը՝ մարդասիրակկան օգնութեամբ։ Առաքուած է ընդհանուր առմամբ 15 թոն սննդամթերք (ալիւր, շաքար, ձաւարեղէն, մաքարոնեղէն, շոգեխաշած միս եւ երկար պահպանման ժամկէտով այլ ապրանքներ), անձնական մաքրութեան եւ անկողնային պարագաներ։

«Մենք կը վերահաստատենք մեր հաստատակամ համոզմունքը, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապաշրջափակուի՝ համաձայն նախկին պայմանաւորուածութիւններու եւ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանին որոշման, ինչպէս նաեւ կ’ընդգծենք մատակարարման այլ ուղիներու օգտաւէտութիւնը՝ ի շահ տեղի բնակչութեան», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը կտրուկ կը վատթարանայ, ուստի անհրաժեշտ է կազմակերպել կենսական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներու առաքումը Ղարաբաղի հայ բնակչութեան։ ԵՄ-ն շահագրգիռ կողմերուն կոչ կ’ընէ ցուցաբերելու պատասխանատուութիւն եւ ճկունութիւն՝ գործարկելու ե՛ւ Լաչինի, ե՛ւ Աղտամ-Ասկերան ճանապարհները, կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Անդրադառնալով Աղտամ-Ասկերան ճանապարհով ռուսական մարդասիրական բեռներու առաքման՝ ԵՄ-ն կը նշէ, որ այս գործընթացը կապուած է «շարք մը զգայուն հարցերու» հետ, եւ կ’ակնկալէ, որ անոր պիտի հետեւի կանոնաւոր մարդասիրական մատակարարումներու վերականգնումը տեղի բնակչութեան համար։

Ճգնաժամը շատ երկարած է, ուստի կարեւոր է գտնել կայուն եւ փոխընդունելի լուծումներ մարդասիրական հասանելիությեան համար, ընդ որում՝ աշնան եւ ձմրան ամիսներուն:

Եւրոմիութիւնը յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն կ’ակնկալէ նոր յստակ քայլեր՝ Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն միջեւ երկխօսութեան, վերջիններուս իրաւունքներու եւ անվտանգութեան, հաշտեցման համար ջանքերու պայմաններու վերաբերեալ եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին վերաբերեալ, կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment