Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Նոր Ռազմական Բախում Պիտի Չըլլայ. Իրանի ՊՆ Ղեկավար

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Նոր Ռազմական Բախում Պիտի Չըլլայ. Իրանի ՊՆ Ղեկավար

by MassisPost

Իրանը կը կարծէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական առճակատում մօտ ապագային պիտի չըլլայ։ Նման կարծիք յայտնած է Իսլամական Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մոհամմատ Ռեզա Աշփիանին։

«Մենք կը կարծենք, որ Կովկասի մէջ պատերազմ պիտի չըլլայ, եւ մենք յստակ յայտնած ենք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշումը այս հարցով: Մենք չենք ընդունիր պետութիւններու միջեւ սահմաններու փոփոխութիւնը։ Բայց մենք կը կարծենք, որ մօտ ապագային տարածաշրջանին մէջ որեւէ լուրջ բան տեղի պիտի չունենայ», անոր խօսքերը կը մէջբերէ «Tasnim» գործակալութիւնը։

Երկուշաբթի Իրանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Նասէր Քանանի Չաֆին ըսած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մտադիր չեն յարձակելու հայկական դիրքերու վրայ, եւ զօրամասերու վերջին վերաբաշխումը սովորական զօրավարժութիւն է ձմրան սկիզբին ընդառաջ, երբ ճանապարհային երթեւեկութիւնը կը դժուարանայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment