Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թուրք Նախարարին Խօսքով՝ Յառաջիկայ Ամիսներուն Պիտի Մեկնարկեն «Զանգեզուրի Միջանցքի Բացման Աշխատանքները»

Թուրք Նախարարին Խօսքով՝ Յառաջիկայ Ամիսներուն Պիտի Մեկնարկեն «Զանգեզուրի Միջանցքի Բացման Աշխատանքները»

by MassisPost

«Յառաջիկայ ամիսներուն թրքական կողմը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման աշխատանքներուն», Սթամպուլի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցի եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն։

««Զանգեզուրի միջանցք»ին հետ կապուած մենք որոշակի ճանապարհ անցած ենք, եւ ես կը հաւատամ, որ կարճ ժամանակահատուածի մէջ Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ Հայաստանը կեանքի պիտի կոչեն այս ծրագիրը», «APA» գործակալութեան փոխանցմամբ, նշած է թուրք նախարարը։

Օրերս Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը յայտնեց, որ «Պաքուն «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման «ծրագիր Բ» ունի՝ առանց Հայաստանի մասնակցութեան»։

«Պահ մը կը սկսի թուիլ, թէ մենք մօտ ենք աշխատանքներու աւարտին, սակայն վերջին պահուն Հայաստանը անսպասելիօրէն նոր մօտեցումներով հանդէս կու գայ, եւ գործընթացը կրկին կը յայտնուի փակուղիի մէջ։ Այդ ոչ-կառուցողական է, բացի անկէ, կը հակասէ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն», կը նշէր Պայրամովը՝ շարունակելով, որ Պաքուն այս ծրագրին իրագործումը պիտի շարունակէ ամէն պարագայի՝ նաեւ առանց Հայաստանի, «այդ պարագային այդ երկիրը պարզապէս դուրս պիտի մնայ նախագիծի շահառուներու ցանկէն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment