Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱԺԲ Բողոքի Շարժումի Վայրէն Բերման Ենթարկուած Բոլոր Անձերը Ազատ Արձակուած Են

ԱԺԲ Բողոքի Շարժումի Վայրէն Բերման Ենթարկուած Բոլոր Անձերը Ազատ Արձակուած Են

by MassisPost

Ապրիլ 30-ի երեկոյեան Երեւանի կեդրոնէն բերման ենթարկուած Ազգային-Ժողովրդավարական Բեւեռի աջակիցները ազատ արձակուած են:

Այս մասին «Հայկական Ժամանակ»-ի հետ զրոյցին ըսաւ ՆԳՆ մամուլի խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը՝ յաւելելով, որ ընդհանուր 64 քաղաքացի բերման ենթարկուած է:

Բողոքի շարժումին մասնակիցները բերման ենթարկուած էին ոստիկանի օրինական պահանջը չկատարելու համար:

Աւելի վաղ յայտնած էին, որ բերման ենթարկուած էին նաեւ Ժիրայր Սեֆիլեանը, Գարեգին Չուքասզեանը եւ Արա Պապեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment