Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Չի Ճանչնար Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

ԱՄՆ Չի Ճանչնար Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները չի ճանչնար Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքները։ Այդ մասին Սեպտեմբեր 11-ին կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըրը։

«Թէեւ կարեւոր է, որ Լեռնային Ղարաբաղը ունենայ վստահելի ներկայացուցիչներ այս գործընթացին (երկխօսութեան – Խմբ․) համար, բայց ինչպէս նախապէս ըսած ենք, մենք չենք ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, եւ հետեւաբար, չենք ճանչնար այդ, այսպէս կոչուած, նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքները, որոնք տեղի ունեցած են վերջին օրերուն», ըսած է ան:

Միլլըրի խօսքով՝ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն` լուծելու առկայ խնդիրները ուղիղ երկխօսութեան միջոցով։

«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արագօրէն վատթարացող մարդասիրական իրավիճակով։ Կը կրկնենք մեր կոչը՝ Լաչինի եւ Աղտամի երթուղիները անյապաղ եւ միաժամանակ պէտք է բացուին՝ թոյլ տալու մարդասիրական մատակարարումներու մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ։ Մենք ղեկավարներուն կոչ կ’ընենք չձեռնարկելու որեւէ գործողութիւն, որ կը մեծցնէ լարուածութիւնը կամ կը շեղէ այդ նպատակէն», նշած է Պետական Քարտուղարությեան խօսնակը։

Մեթիու Միլլըրը խօսած է նաեւ Սեպտեմբեր 11-20-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւններուն եւ անոր հետեւած ռուսական արձագանգներուն մասին․ «Մենք պարբերաբար կը մարզուինք մեր գործընկերներուն հետ համատեղ՝ պատրաստականութիւնը պահպանելու համար, եւ մենք շարունակաբար կը բարելաւենք մեր զինուած ուժերուն փոխգործունակութիւնը։ Կը կարծեմ՝ հաշուի առնելով, որ Ռուսաստանը վերջին տարիներուն ներխուժած է իր երկու հարեւաններու տարածք, ան պէտք է ձեռնպահ մնայ տարածաշրջանի երկիրներուն անվտանգութեան միջոցառումներու մասին դասախօսութիւններէ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment