Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսական Մարդասիրական Օգնութիւնը Ասկերանով Արցախ Չէ Մտած. Բեռնատարը Կայանուած Է Ատրպէյճանի Պարտա Քաղաքին մէջ

Ռուսական Մարդասիրական Օգնութիւնը Ասկերանով Արցախ Չէ Մտած. Բեռնատարը Կայանուած Է Ատրպէյճանի Պարտա Քաղաքին մէջ

by MassisPost

Ռուսական մարդասիրական օգնութիւն Ասկերանով Արցախ չէ մտած. արդէն երկրորդ օրն է Ատրպէյճանի Պարտա քաղաքին մէջ կայանուած մնացած է դեղին բեռնատարը՝ ռուսական Կարմիր Խաչի նշանով։

Մթերքով լի այդ բեռնատարին մօտէն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները պարբերաբար ուղիղ եթեր կ’ապահովեն՝ վերջին ժամերուն միայն հարցումներ են՝ ինչո՞ւ ղարաբաղցի հայերը չեն ուզեր Ռուսաստանէն ուղարկուած սննդամթերքը. Ղարաբաղի հայերը պիտի ընդունի՞ն պարէնային օգնութիւնը։

«Որեւէ ռուսական բեռնատար, Ատրպէյճանէն մարդասիրական օգնութիւն կամ որեւիցէ բեռ պիտի չտեղափոխէ Արցախի Հանրապետութիւն, եթէ արցախցին ունի կարիք, ունինք միայն մէկ ճանապարհ, այդ Լաչինի միջանցքին ապաշրջափակումն է», նշեց արցախցիներէն մէկը:

Ասկերանի ճանապարհը արցախցիները կը շարունակեն փակ պահել, կը վստահեցնեն՝ Ատրպէյճանէն Արցախի մուտքը փակ է ոչ միայն Պաքուի ուղարկած 40 թոն ալիւրի, այլեւ ռուսական մթերքի համար։

Պարտայի մէջ մնացած դեղին բեռնատարին մուտքը Արցախ, սակայն, թոյլատրած է Արցախի իշխանութիւնը, Շաբաթ օր նախագահի ընտրութենէն ժամեր անց, երբ յայտարարուեցաւ, որ ռուսները Աղտամով օգնութիւն կ’ուղարկեն, պաշտօնական Ստեփանակերտը շեշտեց՝ Ասկերանով ռուսական բեռներու մուտքէն բացի պայմանաւորուածութիւն կայ, որ Լաչինի միջանցքը պիտի բացուի մարդասիրական բեռնափոխադրումներու համար։ Յետոյ Ատրպէյճանը նախագահի օգնականին դէմքով յայտնեց, որ ռուսականի բեռի մուտքը Ստեփանակերտ առանձին պայմանաւորուածութիւն է, չշփոթել Աղտամ-Ստեփանակերտ եւ Լաչին-Ստեփանակերտ ճանապարհներու միաժամանակեայ բացման առաջարկին հետ:

Պաշտօնական Ստեփանակերտէն որեւէ արձագանգ առայժմ չէ հնչած։ Ի դէպ՝ ռուսական բեռը Աղտամ չէ ալ հասած։

Ատրպէյճանը դարձեալ նոր պայմաններ ունի, վստահ է Հայաստանի խորհրդարանի ընդդիմադիր պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեանը. «Այն է՝ միայն Աղտամի ճանապարհի բացում եւ ռուսական ուղեբեռից բացի նաեւ ատրպէյճանական Մահիկի բեռնատարներու մուտք Արցախի Հանրապետութեան տարածք: Սա, բնականաբար, ընդունելի չի եղել Արցախի իշխանութիւնների կողմից»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment