Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Հայաստանի Մտերիմ Դաշնակիցն Ու Գործընկերը․ Փեսքով

Ռուսաստանը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Հայաստանի Մտերիմ Դաշնակիցն Ու Գործընկերը․ Փեսքով

by MassisPost

Ռուսաստանը չի վախնար Հայաստանը որպէս դաշնակից կորսնցնելէ, Մոսկուան եւ Երեւանը կը մնան մտերիմ գործընկերներ, լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիփրի Փեսքովը:

«Ոչ, մենք եղած ենք, կը մնանք եւ, վստահ եմ, պիտի ըլլանք շատ մտերիմ դաշնակիցներ եւ գործընկերներ Հայաստանի հետ, մենք կրնանք ունենալ որոշակի խնդիրներ, որոնք պէտք է լուծուին, բայց անպոնք պէտք է լուծուին երկխօսութեան ծիրին մէջ, քանի որ զարգացման տրամաբանութիւնը եւ երկու երկիրներու ազգային շահերը կը թելադրեն մեր դաշինքի եւ գործընկերութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը», ըսած է Քրեմլինի խօսնակը։

Ռուսաստանը Հայաստանի կողմէ չի տեսներ պաշտօնական ազդանշաններ այն մասին, որ Երեւանը կ’ուզէ դուրս գալ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն  (ՀԱՊԿ), ըսած է Փեսքով. «Մենք տեսած ենք բազմաթիւ քննարկումներ այս թեմային շուրջ, այդ շարքին, այսպէս ըսենք, Հայաստանի մէջ գտնուող արեւմտամէտ վերլուծաբաններու կողմէ, որոնք բազմիցս քննարկած են այդ։ Սակայն այդ հարցին վերաբերեալ որեւէ պաշտօնական ազդանշան չենք ստացած»։

Յստակացնող հարցումին, թէ արդեօք Ռուսաստանի Դաշնութիւնը պատրա՞ստ է պաշտպանելու Հայաստանը, եթէ այս երկրին տարածքը յարձակման ենթարկուի, Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղարը նշած է. «Եթէ խօսքը Հայաստանի տարածքին մասին է, ապա գիտէք՝ մենք պարտաւորութիւններ ունինք ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ։ Դուք նաեւ գիտէք, որ այն բանէն յետոյ, երբ Հայաստանը ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը 1991 թուականի սահմաններով, այնտեղ հանգամանքները քիչ մը փոխուեցան, ուստի սա նոյնպէս պէտք է հաշուի առնել։ Այդ Երեւանի որոշումն էր»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment