Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Քանի՞ Մարդ Դեռ Պէտք Է Մահանայ, Որպէսզի Աշխարհը Սկսի Նկատել. «CNN»-ի Անդրադարձը Արցախի Շրջափակման

Քանի՞ Մարդ Դեռ Պէտք Է Մահանայ, Որպէսզի Աշխարհը Սկսի Նկատել. «CNN»-ի Անդրադարձը Արցախի Շրջափակման

by MassisPost

«CNN»-ը լայնածաւալ յօդուած հրապարակած է՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին, այդ շարքին՝ սնունդի, դեղորայքի, վառելանիւթի պակասին, ելեկտրական հոսանքի պարբերական անջատումներուն։

«CNN»-ը Արցախի մէջ մարդասիրական ծանր ճգնաժամին կ’անդրադառնայ մարդկային պատմութիւններու միջոցով՝ ներկայացնելով այն զրկանքները, որոնց ամէն օր կ’ենթարկուին ատրպէյճանական օղակին մէջ յայտնուած արցախցի հայերը։

Պարբերականը զրուցած է Անի Կիրակոսեանի հետ, որ թերսնուցման եւ գերլարուածութեան պատճառով յղութեան երկրորդ եռամսեակին կորսնցուցած է երեխան։

«Եթէ չլինէր շրջափակումը, ես այսօր խաղալու ժամանակ պիտի ըլլայի երեխայիս հետ», ըսած է Կիրակոսեանը «CNN»-ին։

Պարբերականը նաեւ կը ներկայացնէ Ստեփանակերտի մէջ խանութ ունեցող Մաքս Մխիթարեանի պատմութիւնը, որ տեսանիւթերով ցոյց տուած է իր խանութին դատարկ ցուցափեղկերը՝ ցաւով յայտնելով, որ մէկ շաբաթէն արդէն պիտի դառնայ գործազուրկ՝ ստիպուած փակելով խանութը, ուր այժմ միայն հաց, մեղր եւ օղի կը վաճառուի։

Այս տարի երեխաներուն համար դպրոց երթալը եւս անհնար դարձած է՝ հաշուի առնելով թերսնումը, գիրքերու, գրենական պիտոյքներու, հագուստի պակասը, հանրային փոխադրամիջոցի բացակայութիւնը։

Յօդուածը կը վկայակոչէ նաեւ Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի զեկոյցը, համաձայն որուն՝ «կան ողջամիտ հիմքեր՝ հաւատալու, որ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն կ’իրականացուի»։ Յօդուածին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն գնահատականները ստեղծուած իրավիճակին մասին, որոնք, ընդհանուր առմամբ, կը յանգին մէկ բանի՝ Պաքուն ցեղասպանութիւն կ’իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան նկատմամբ՝ զանոնք սովամահութեան ենթարկելով։

Արցախը հայաթափելու Պաքուի մտադրութեան մասին «CNN»-ին յայտնած է նաեւ Միչիկընի համալսարանին մէջ քաղաքական գիտութիւններու փրոֆեսոր Ռոնալտ Սանին։

«Բռնութիւն օգտագործելու փոխարէն, ինչ որ կրնար ընդդիմութիւն յառաջացնել արտերկրի մէջ, Պաքուն վճռած է հայերուն կեանքն անհնար դարձնել, սովի մատնել զանոնք եւ ստիպել հեռանալ», ըսած է ան։

Իր հերթին, ԵՄ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան խօսնակ Փիթըր Սթանօն «CNN»-ին յայտնած է իր «խոր մտահոգութիւնը լուրջ մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ» եւ կոչ ըրած է լիովին վերականգնելու Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը։ Պարբերականին գրաւոր մեկնաբանութեան մէջ նոյնպիսի կոչ հնչեցուցած է նաեւ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը։

Սակայն Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը «CNN»-ին յայտնած է, որ հիասթափուած է ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի արձագանգով եւ կը գտնէ, որ եւրոպական եւ ամերիկեան անգործութեան պատճառը զուտ աշխարհաքաղաքական է։

Պարբերականը, վկայակոչելով «Ռոյթըրզ»ը, կը յիշեցնէ, որ 2022թ․ Յուլիսին ԵՄ-ն պայմանաւորուած է մինչեւ 2027 կրկնապատկել Ատրպէյճանէն կազի ներմուծումը։

«Մենք կը կորսնցնենք յոյսը։ Քանի՞ մարդ դեռ պէտք է մահանայ, որպէսզի աշխարհը սկսի նկատել», յօդուածը կ’ամփոփուի Արցախի բնակչուհի Անահիտ Ղարաղազարեանի խօսքերով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment